Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 16 մարտին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ մրցեցաւ Շեպիպեթ Նահտա Շուէյֆաթի դէմ, կրեց 6-3 արդիւնքով պարտութիւն մը (կիսախաղ 2-1` ի նպաստ Շուէյֆաթի):
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Մհեր Սիւրմենեան (2-րդ եւ 39-րդ) եւ Ֆրանսիս Գիւլողեան (33-րդ):
Այս պարտութիւնը ՀՄԸՄ-ի համար եղաւ հինգերորդը` 12 յաղթանակներու կողքին: