Մոսկուայի բանակայիններու երկրորդ խումբի միջնապահ Արտեմ Աւանեսեան հրաւէր ստացաւ Ռուսիոյ 17 տարեկանէն վար հաւաքականէն եւ պիտի պատրաստուի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն, ուր Ռուսիոյ մրցակիցները պիտի ըլլան Լեհաստան, Սկովտիա եւ Փորթուգալ:
Զտումի այս մրցումները տեղի պիտի ունենան 20-26 մարտին, Կլասքոյի մէջ (Սկովտիա):
16 տարեկան հայ ֆութպոլիստը երեք մրցում կատարած է Ռուսիոյ պատանեկան հաւաքականին հետ:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պատանեկան լիկային մէջ ան կատարած է 4 մրցում: