Կիրակի, 3 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հոգելոյս Զարեհ արք. Ազնաւորեանի երաժշտական վաստակին նուիրուած սրբազան համերգ` հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին:
Համերգին ելոյթ ունեցան կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» եւ մանկապատանեկան «Նարեկացի» երգչախումբերը, որոնք երաժշտասէր հանրութեան ներկայացուցին Զարեհ սրբազանին ստեղծագործութիւններէն փունջ մը, ինչպէս` «Որ զխորհուրդ», «Նոյն եւ նման», «Աստուծոյ զաւակներ», «Ուրախ եղիր»: Զաւէն աբղյ. Նաճարեանի ղեկավարութեամբ, երեկոն ընթացք առաւ «Տէրունական աղօթք»-ով, որմէ ետք «Շնորհալի»-ի շուրջ 50 անդամները եկեղեցին պարուրեցին հոգեյոյզ շարականներով, որոնց ներթափանցումը ներկաներուն հոգիներուն մէջ յստակօրէն շատ աւելի ազդեցիկ էր քառասնօրեայ պահեցողութեան ընդառաջ: Նոյնքան տպաւորիչ էր «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբին ելոյթը, որ շուրջ 50 փոքրիկներով ու պատանիներով ներկայացուց շարք մը երգեր եւ շարականներ, ինչպէս` «Օրօր Յիսուս մանուկին», «Բեթլեհէմի աստղիկ», «Նուէր մանուկ Յիսուսին» եւ այլն` նախքան «Շնորհալի» երգչախումբին անոնց միանալն ու միասնաբար «Տէր ողորմեա՛» եւ «Փառք քեզի» երգելը:
Սրբազան համերգի ընթացքին տեղի ունեցաւ հոգելոյս Զարեհ սրբազանի «Երաժշտական ժառանգութիւն» հատորներուն եւ կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսած եւ միաբանութեան կողմէ աշխատասիրուած «Հայ մարդուն հոգեւոր երգարան»-ին ներկայացումը` գործերուն խմբագիր Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի կողմէ: Սրբազան հայրը նախ եւ առաջ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ ջանք չի խնայեր մշակոյթի եւ արուեստի գեղեցկութիւնները գնահատելու եւ անոնց ուղղութեամբ աշխատանք տանելու, որուն շնորհիւ լոյս տեսած էր «Հայ մարդուն հոգեւոր երգարանը» հատորը: Այս գծով սրբազանը ընդգծեց գործին կարեւորութիւնը ո՛չ միայն երաժշտական, այլեւ իր պատմական դիտանկիւնէն, որովհետեւ երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներու գործերուն կողքին հոն կը գտնուին մոռացութեան մատնուած, ինչպէս նաեւ օտարներու կողմէ իւրացուած հայկական ստեղծագործութիւններ. այս ուղղութեամբ, սրբազանը ընդգծեց հեղինակներուն անունները գտնելուն համար տարուած աշխատանքին ծաւալը: Ապա, ան ներկայացուց «Երաժշտական ժառանգութիւն» գործը եւ անոր ընդմէջէն խօսեցաւ Զարեհ սրբազան երաժշտագէտին մասին, որուն երաժշտական արուեստը մասնագիտականօրէն մտածուած ու դաշնաւորուած երաժշտական ժառանգութիւն է:
Սրբազան համերգին աւարտին բեմ բարձրացաւ վեհափառ հայրապետը եւ տուաւ իր պատգամը: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ հոգեպարար երեկոյեան ոգին հոգելոյս Զարեհ սրբազանն է, իսկ մղիչ ուժերը` երեք միաբաններ են` Մեղրիկ սրբազան` երաժշտութեան բնագաւառին մէջ իր տարած աշխատասիրութիւններով, Զաւէն աբեղայ` իր խմբավարութեամբ եւ Զարեհ վարդապետ` իր կազմակերպչական աշխատանքով:
Խօսելով հոգելոյս սրբազանին մասին` վեհափառ հայրապետը երեք հիմնական ընդգծումներ կատարեց: Նախ եւ առաջ ան լուսարձակի տակ առաւ Զարեհ սրբազանը իբրեւ տիպար եկեղեցական, որ իր կոչումը վերածելով ապրումի ու մաքառումի, վարած էր նուիրական կեանք մը: Ապա խօսեցաւ Զարեհ սրբազանին մասին իբրեւ բազմաշնորհ մտաւորական ու երաժշտագէտ, որ հայկական մշակութային արժէքները ապրեցաւ եւ լռութեամբ տագնապելով ու երազելով ստեղծագործեց` հեռու փառասիրութենէ: Եւ վերջապէս, վեհափառ հայրապետը անդրադարձ կատարեց Զարեհ սրբազանին մասին` իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաւատաւոր ու հաւատարիմ միաբաններէն մէկը` իր տոկուն նկարագիրով եւ կաթողիկոսութեան յարիր սկզբունքներով, որոնց ընդմէջէն ան Ս. աթոռին եւ ընդհանրապէս հայ եկեղեցւոյ կեանքի երկնակամարին վրայ փայլող աստղերէն մէկը եղաւ ու միշտ կը մնայ:
Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց յայտարարելով. «Կոմիտաս վարդապետէն ետք, երաժշտական կեանքին մէջ մեծ վաստակ ունեցող Զարեհ սրբազանը մեր երկրորդ Կոմիտասն է` հոգեւոր, մանկական ու ազգային երաժշտական բնագաւառներուն մէջ իր կատարած բազմաթիւ յօրինումներով ու մշակումներով: Սա ամենայն հպարտութեամբ ու ուրախութեամբ կը հաստատենք: Թող Աստուած իր երկնային օթեւաններուն մէջ հանգչեցնէ իր հոգին»:
Համերգը փակուեցաւ «Կիլիկիա» քայլերգով: