Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Փետրուար 20, 2019
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Առաջին Անգամն Ըլլալով «Միտքերու Գագաթնաժողով»` Հայաստանի Մէջ

Ամէն տարի Ֆրանսայի Շամոնի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Միտքերու գագաթնաժողով»-ը (Summit of Minds) այս տարի առաջին անգամն ըլլալով պիտի կազմակերպուի Հայաստանի մէջ:

Armenian Summit of Minds խորագրով գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ 7-9 յունիսին, Երեւանի եւ Դիլիջանի մէջ, կը հաղորդէ Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:

Գագաթնաժողովի գլխաւոր գործընկերն է The Monthly Barometer յայտնի վերլուծական թերթը:

Ժողովը կազմակերպելու համաձայնութիւն գոյացած է սեպտեմբեր 2018-ին, երբ նախագահ Արմէն Սարգսեան` իբրեւ գլխաւոր բանախօս կը մասնակցէր ամէնամեայ «Միտքերու գագաթնաժողով»-ին:

Այս ձեռնարկին պիտի մասնակցին անուանի եւ ազդեցիկ մօտաւորապէս 300 քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ, գործարար-ներդրողներ, մեծագոյն ընկերութիւններու եւ լրատուամիջոցներու ղեկավարներ ամբողջ աշխարհէն:

Տեղեկացնենք, որ Հայաստան Շամոնիէն դուրս առաջին երկիրն է, որ պիտի հիւրընկալէ այս ժողովը: Armenian Summit of Minds-ի քննարկումի հիմնական թեման պիտի կրէ` «Տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքականութիւնը, տնտեսութիւնը եւ ներդրումները. բազմաբեւեռութեան ազդեցութիւնը առեւտուրի եւ ներդրումային հոսքերու վրայ» խորագիրը:

ՀՕՄ-ի Իւրաքանչիւր Հանդիպում Նոր Գաղափարներու Ծնունդ Է

Վերջերս կազմակերպուած էր այցելութիւն մը` դէպի Վանաձորի երկու հանրակացարաններ: Առաջնահերթ համարելով փոքրիկներուն ուսումը` նախաձեռնութեան հեղինակները իրենց հետ տարած էին գրենական պիտոյքներ եւ դպրոցական շարք մը այլ պարագաներ: Այցելութիւնը կազմակերպուած էր Հայ օգնութեան միութեան Վանաձորի մասնաճիւղի եւ ՀՅԴ անդամ Արամ Ղարաբէկեանի միացեալ ջանքերով: Միեւնոյն ժամանակ իրենց ներդրումը ունեցած էին եւ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած էին վանաձորցի անհատ ձեռներէց Կարէն Կարապետեանը եւ Միացեալ Նահանգներու ՀՅԴ կառոյցի անդամ Լաուրա Յակոբեանը:

Հանրակացարաններուն մէջ օժանդակ կառոյցներու առկայութիւնը եւ նկուղային տարածքները նկատելով` Արամ Ղարաբէկեանը առաջարկեց զանոնք ծառայեցնել եւ նոր առեւտրական նախաձեռնութիւն իրականացնել, իսկ անոնցմէ գոյացած եկամուտներով ալ կարելի կը դառնայ բարելաւել շէնքային պայմանները:

Նախաձեռնութեան հեղինակները բնակիչներուն հետ միասին քննարկեցին նաեւ հանրակացարանի բակի հարցը լուծելու կարելի տարբերակները. որոշուեցաւ զայն վերածելու բերքատու ծառերով լի պարտէզի:

Այցելութեան նպատակը թիւով 44 փոքրիկներուն գրենական պիտոյքներ նուիրելն էր, սակայն, ինչպէս պարզ դարձաւ, իւրաքանչիւր հանդիպում նոր գաղափարներու ծնունդ է:

Կիպրոսի Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր Եւ Թանգարան

Պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան այցելած Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Սաւաս Անկելիտիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 13 փետրուարի առաւօտեան այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ թանգարան:

Թանգարանի լրատուական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարը յարգանքի տուրք մատուցեց զոհերու յիշատակին, այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան, ծանօթացաւ ցուցադրութեան եւ գրառում կատարեց Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ:

ՀՑԹ հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանը բարձրաստիճան հիւրին յանձնեց Մխիթարեան միաբանութեան միաբան Վահան ծ. վրդ. Օհանեանին եւ աւստրալիահայ Արա Քեթիպեանին կազմած 1890-1922 ամերիկեան մամուլին մէջ հրատարակուած Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող յօդուածներու երկու հատորը:

Նշենք, որ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարը հանդիպեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Կիպրոսի համագործակցութիւնը խորացնելու վերաբերող հարցեր:

«Գիրք Նուիրելու Օր»-ը Քարվաճառի Գրադարանի Ընթերցողները Նուէր Կը Ստանան Գիրքեր

Արցախի Հանրապետութեան Շահումեանի շրջանի Քարվաճառի քաղաքային գրադարանը ունի 142 ընթերցող:

«Տարուան ընթացքին արձանագրուած գրեթէ բոլոր ընթերցողները կ՛այցելեն գրադարան», յայտնած է գրադարանավարուհի Արփինէ Դաւթեանը եւ աւելցուցած է, որ ի հարկէ, ցանկալի էր ընթերցողներուն կողմէ աւելի մեծ հետաքրքրուածութիւն տեսնել գիրքի եւ ընթերցանութեան հանդէպ:

Գրադարանի հիմնական ընթերցողները Քարվաճառի դպրոցականներն են: Ընթերցողներ կան նաեւ ուսուցիչներէն, ինչպէս նաեւ գրադարան յաճախ կ՛այցելեն շրջանի ուսանողները, որոնք կ՛ուսանին Ստեփանակերտի մէջ:

Դպրոցականները գրադարանէն հիմնականօրէն կ՛առնեն հայ դասական գրողներուն գիրքերը, այն ստեղծագործութիւնները, որոնք անոնց կը յանձնարարուին կարդալ դպրոցին մէջ:

Դպրոցականները յաճախ կը ցանկան գրադարանը օգտագործելու նաեւ իբրեւ ընթերցասրահ եւ այստեղ գիրք կարդալ, սակայն այդ պայմանները չկան:

Գրադարանի շէնքային պայմանները բարւոք չեն, տեղը շատ փոքր է, ինչպէս նաեւ գրադարանի սենեակի յատակը անյապաղ վերանորոգման կարիքը ունի: Գրադարանը ունի նաեւ գրապահարաններու կարիք. այժմ որոշ գիրքեր ուղղակի շարուած են յատակին:

Գրադարանին համար չենք կրնար նոր նուիրուած գիրքեր ընդունիլ` տեղի բացակայութեան պատճառով:

Ըստ գրադարանավարուհիին, գիրքերու պակաս կայ. խօսելով գրադարանի այլ կարիքներուն մասին` գրադարանավարը ընդգծեց, որ գրադարանին աշխատանքը առաւել արդիւնաւէտ կը դառնայ համակարգիչի առկայութեան պարագային. համակարգիչը անհրաժեշտ է գիրքերու շտեմարան ստեղծելու եւ պէտք եղած գիրքը արագ գտնելու համար:

Խօսելով գրադարանին մէջ կազմակերպուող ձեռնարկներուն մասին` մեր զրուցակիցը տեղեկացուց, որ հայ գրողներուն ծննդեան օրերուն դպրոցականներուն համար եւ իրենց հետ կը կազմակերպուին գրական ցերեկոյթներ:

Այս տարի եւս, փետրուար 19-ին, գիրք նուիրելու օրը, գրադարանին մէջ պիտի կազմակերպուի հանդիպում ընթերցողներու հետ, եւ ընթերցողները գիրքեր նուէր պիտի ստանան:

Տաւուշի Մարզի Դովեղ Գիւղին Մէջ Ստեղծուած Է Արտաքին Լուսաւորութեան Ուժանիւթ Խնայող Եւ Ամբողջութեամբ Նոր Ենթակառուցուածք

Տաւուշի մարզի Դովեղ գիւղը արեւելքէն 15 քիլոմեթր երկարութեամբ սահման ունի Ազրպէյճաի հետ: Հակառակ արտաքին լուսաւորութեան լիարժէք համակարգի անհրաժեշտութեան` սահմանապահ գիւղը տարիներ շարունակ ստիպուած եղած է համակերպուելու իրավիճակը մեղմող պայմաններուն: Տարբեր աղբիւրներէ ստացուած միջոցներով հարցին տրուած է մասնակի լուծում: Ապագային, գործածութենէ յաճախակի դուրս եկող լամբերուն պատճառով, մասնակի լուսաւորութեան այդ համակարգի շահագործումը լրացուցիչ նիւթական բեռ դարձած է գիւղին համար:

2017 թուականէն Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը սկսած են հարցի լուծման աշխատանքները: «Այլընտրանքային ուժանիւթ» նախագիծի շրջանակներուն մէջ գործընկերները համակարգուած ձեւով` երկու փուլով, Դովեղի մէջ ստեղծած են արտաքին լուսաւորութեան ուժանիւթ խնայող եւ ամբողջութեամբ նոր ենթակառուցուածք:

Իրականացուած  ծրագրին իբրեւ արդիւնք` համայնքներուն զարգացումը կարեւոր առաջնահերթութիւն համարող գործընկեր կառոյցներու ջանքերով տեղակայուած է 131 լետ լուսարձակ` լուսաւորելով մօտաւորապէս 4800 մեթր երկարութեամբ տարածութիւն. լուսաւորուած է  գիւղին գրեթէ ամբողջ տարածքը:

Համակարգի գործարկման մասնակցած են` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը, Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի գլխաւոր ճարտարագէտ, ծրագրի համակարգող Մարթին Մարալչեանը, Նոյեմբերեան համայնքին ղեկավար Կարէն Աբազեանը եւ համայնքին բնակիչները:

Բնապահպանական եւ ուժանիւթ խնայող լէտ լուսարձակներուն շահագործումը տնտեսապէս արդիւնաւէտ է պիւտճէական համեստ միջոցներ ունեցող գիւղերուն համար: Այսպիսի համակարգի շահագործումը էականօրէն կը կրճատէ ուժանիւթի ծախսը` խնայուած միջոցներուն հաշիւը նուազեցնելով` գիւղին ֆինանսական բեռը:

Ի տարբերութիւն այլ լոյսերու` լետ լոյսերը առաւել արդիւնաւէտ եւ դիմացկուն են, կրնան անհամեմատ աւելի երկար ծառայել` սպառելով 80%-ով պակաս ելեկտրական ուժանիւթ:

Նշենք, որ Դովեղի փողոցները պիտի լուսաւորուին ամրան` ժամը 21:00-էն մինչեւ 01:00, իսկ ձմրան` ժամը 18:00-էն մինչեւ 24:00: Տօնական օրերուն լուսաւորութիւն պիտի ապահովուի նաեւ ամբողջ գիշերը:

Երեւանը Յայտնուած Է Ամենավիպային Քաղաքներու Վարկանշային Ցանկին Վրայ

ԹուրՍթաթ վերլուծական գործակալութիւնը իրականացուցած է ընկերային ցանցերու վրայ վիճակագրութիւն մը, ուր ի յայտ եկած է ռուս զբօսաշրջիկներու շրջանի մէջ` Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան տարածքի  եւ մօտակայ երկիրներու ամենավիպային քաղաքներու վարկանշային ցանկը, որուն մէջ յայտնուած է նաեւ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը:

Գործակալութեան տուեալներով, Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան երկիրներուն մէջ վիպային զբօսաշրջութիւնը ներառած է աւելի քան 1 միլիոն շրջապտոյտ տարուան ընթացքին:

Նշենք, որ Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան ամենավիպային քաղաքներու վարկանշային ցանկին վրայ յայտնուած են` Ալմա Աթան, Պիշքեքը, Երեւանը` ստանալով 5-ական տոկոս ձայն:

Արցախի Մէջ Զբօսաշրջային Կեդրոն Պիտի Ստեղծուի

2018 թուականին Արցախ այցելած է 28 հազար 588 զբօսաշրջիկ, որ 23 տոկոսով աւելի է, քան` 2017-ի համապատասխան ցուցանիշը, փետրուար 12-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը` աւելցնելով, որ 2019-ի յունուարին մօտաւորապէս 710 զբօսաշրջիկ այցելած է Արցախ` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին 676-ի համեմատ:

«2018-ի զբօսաշրջութեան զարգացման ծրագիրը հիմնականօրէն ուղղուած էր շուկայագիտական (marketing) քաղաքականութեան իրականացման: Մայրաքաղաքին եւ Շուշիի մէջ գործող չորս տեղեկատուական կեդրոնները շարունակած են անվճար սպասարկել Արցախ այցելած զբօսաշրջիկներուն` անոնց տրամադրելով հաւաստի եւ անվճար տեղեկութիւններ: Անցեալ տարի այս չորս կեդրոնները այցելած են աւելի քան 800 զբօսաշրջիկներ` 52 երկիրէ: Տարուան ընթացքին Արցախի մէջ բացուած է 18 հիւրանոցային տնտեսութիւն: Այժմ Արցախի մէջ կը գործէ 64 հիւրանոցային տնտեսութեան կառոյց` 1532 մահճակալով», նշած է  Յովհաննիսեանը:

Նախարարին խօսքով, 2019-ին պիտի շարունակեն ընդլայնել Արցախ այցելող զբօսաշրջիկներու ծագման աշխարհագրութիւնը:

«2019 թուականին պիտի գործարկուի artsakh.travel եւ karabakh.travel զբօսաշրջային պաշտօնական կայքը: Շուկայագիտութեան ծրագիրներու իրականացման ծիրին մէջ պիտի կազմակերպուի digital marketing campaign` մեծ թիւով օգտատէրերու ընդգրկումով: Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիին շահագործումը կարելիութիւն ստեղծած է միացնելու Արցախի եւ Հայաստանի զբօսաշրջային երթուղիները Արցախի հիւսիսարեւմտեան շրջաններուն, որ նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ Երեւան-Գորիս-Ստեփանակերտ-Մարտակերտ-Վարդենիս օղակաձեւ զբօսաշրջային երթուղիի զարգացման համար: Մեթոտական եւ նիւթական աջակցութիւն պիտի տրամադրուի Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ «Արցախեան գինի»-ի վեցերորդ փառատօնին, ինչպէս նաեւ` զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղուած այլ փառատօներու ու ձեռնարկներու կազմակերպման: Պիտի ստեղծուի Զբօսաշրջիկներու աջակցութեան կեդրոն` Արցախ այցելած զբօսաշրջիկներուն համապարփակ տեղեկատուութիւն եւ օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով», աւելցուցած է նախարարը:

«Աւրորա»-ն Կը Շարունակէ Աջակցիլ Մատենադարանին

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ Մատենադարանին եւ այս տարի 20 հազար տոլար դրամաշնորհ պիտի ուղղուի հայկական գրչութեան կեդրոններու փոխգործօն (interactive)  քարտէսի ստեղծման:

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հետ մեր համագործակցութիւնը անգնահատելի է: Այս նոր նախագիծով մենք պիտի ունենանք շատ օգտակար գործիք` interactive  քարտէս, որ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ աւելի պատկերաւոր ներկայացնելու հայ գրչութեան կեդրոնները, որոնք բացառիկ նշանակութիւն ունեցած են հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին մէջ: Արդի արհեստագիտական լուծումները ամենաարդիւնաւէտ միջոց են` ներկայացնելու հայկական մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը եւ անոր ազդեցութիւնը համաշխարհային մշակոյթի գանձարանին», ըսաւ Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր Ղեւոնդեանը:

Մէկ հպումով Մատենադարանի իւրաքանչիւր այցելու պիտի կարենայ ճանապարհորդել պատմութեան մէջ եւ տեսնել գրչութեան տասնեակ կեդրոններու զարգացումը:

Առանձին պատուհանով պիտի բացուին գրչութեան կեդրոններու պատկերները եւ անոնց մասին մանրամասն տեղեկութիւններ` հակիրճ պատմութիւնը, աշխարհագրական դիրքը, վանական համալիրի ճարտարապետական բնութագիրը, թէ ո՛ւր գտնուած է տուեալ կեդրոնը: Առանձին պատուհաններով պիտի տրամադրուի նաեւ ձեռագիրներու մասին տեղեկութիւններ` վերնագիր, ժամանակաշրջան, գտնուելու վայր, գրիչի եւ մանրանկարիչի անուններ, վիճակագրական տուեալներ եւ այլն:

«Ուրախ ենք, որ կը  շարունակենք մեր միացեալ աշխատանքը Մատենադարանին հետ, ուր հսկայական քանակութեամբ հայկական ձեռագիրներ կը պահուին: Այս ձեռագիրները պատուհան կը բանան դէպի հայկական միտքի եւ արեւմտեան աշխարհի պատմութիւն: «Աւրորա»-ն կարեւոր կը նկատէ հայերու անցեալը եւ ներկան համաշխարհային զարգացման ծիրին մէջ ներկայացնելը: Այս նախագիծը եւս կը ծառայէ այդ գործին, պահպանումէն բացի` կը դիւրացնէ անոնց բազմակողմանի ներկայացումը», նշեց «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Վարդան Գրիգորեանը:

«Աւրորա»-ն արդէն չորրորդ դրամաշնորհը կը տրամադրէ Մատենադարանին` յիշողութեան պահպանման Armenian Memory Act նախագիծի ծիրին մէջ: 2015-ի դրամաշնորհով հիմնարկը կարելիութիւնը ունեցած է ձեռք բերելու ձեռագիրներու հրապարակման յատուկ սարք մը:

2016-ին տրամադրուած դրամաշնորհով Մատենադարանի տասը աշխատողներ վերապատրաստուած են Գերմանիոյ մէջ:

2017-ին դրամաշնորհով Մատենադարանը կազմակերպած է 50-է աւելի դասախօսութիւններ:

Նշենք, որ Մատենադարանին մէջ աշխատողներուն համար կը պատրաստուի նաեւ գորքոյկ մը:

«Կուկըլ»-ի, «Ամազոն»-ի Եւ «Դիմատետր»-ի Պատասխանատուները Հայաստան Պիտի Գան

Հոկտեմբեր 6-9 Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Տեղեկատուական արհեստագիտութեանց համաշխարհային համաժողով», որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն «Կուկըլ»-ի, «Ամազոն»-ի եւ «Դիմատետր»-ի ղեկավարութիւնները: Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը, որ Ալմաթիի մէջ կը մասնակցի Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին, ուրբաթ այս մասին յայտարարելով` այդ օրերուն Երեւան հրաւիրեց նաեւ Ալմաթայի մէջ «Թուային օրակարգը համաշխարհայնացման  դարաշրջանին 2. Եւրասիական նորարարական էքոհամակարգ» համաժողովի մասնակիցներուն:

 

 

 

Նախորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Յաջորդը

«Տարածքներ` Խաղաղութեան Դիմաց» Բանաձեւն Ինքնասպանութիւն Կը Լինի Փաշինեանի Համար

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?