ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Հոգ պիտի տանիք ձեր առողջութեան: Ձեր պատասխանատուութիւնները եւ պարտականութիւնները պիտի բազմանան: Կանուխ գացէք աշխատանքի, որպէսզի ձեր գործերը չուշանան:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Լաւ առիթ պիտի ունենաք հաշտուելու եւ համաձայնելու, ինչպէս նաեւ` ծանօթանալու եւ կապ հաստատելու: Տարբեր գործունէութիւններու պիտի մասնակցիք: Դրական շրջան մըն է, որուն ընթացքին ինքնավստահօրէն պիտի աշխատիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր սիրելիներէն մէկը ձեզի պէտք ունի. պէտք է օգտակար դառնաք անոր: Ձեր դիմաց զրոյցի եւ քննարկումի դռներ պիտի բացուին: Անհասկացողութեան պարագային արդարացուցէք ձեր դիրքորոշումը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Մի՛ թերանաք ձեր պարտականութիւններուն մէջ: Լաւ դասաւորեցէք ձեր ժամանակը, որպէսզի ուշացում չարձանագրէք: Հանդարտ պահեցէք ձեր ջիղերը: Տագնապալից շրջան մըն է, մի՛ մեղադրէք ձեր սիրելիները: Յարմար շրջան է` փոփոխութիւն մտցնելու ձեր կեանքին մէջ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Թոյլ մի՛ տաք, որ ձեզ խաբեն կամ օգտագործեն ձեր դրամները: Մանրամասնութիւնները լաւ սերտեցէք որեւէ քայլի դիմելէ առաջ: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Մեծ բախտ պիտի ունենաք այս օրերուն, որովհետեւ լուսինը ձեր կողքին է: Պատասխան մը պիտի ստանանք եւ անոր հիման վրայ պիտի դասաւորէք ձեր գործերը: Կտրուկ որոշում մը պիտի տաք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձանձրոյթ եւ նեղութիւն պիտի զգաք: Ձեր գործերուն ընթացքը պիտի դանդաղի: Պինդ պահեցէք ձեր ջիղերը եւ ըսի-ըսաւներով մի՛ զբաղիք: Քիչ բախտաւոր շրջան մըն է:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր ընկերային վիճակը աշխատեցէք բարելաւել: Ձեր ժողովրդականութիւնը պիտի ամրապնդուի: Կարեւոր դեր պիտի խաղաք ձեր միջավայրին մէջ: Հանգիստի ժամանակ տրամադրեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Կարեւոր շրջան մըն է, որուն ընթացքին լուսարձակները պիտի կեդրոնանան ձեր գործերուն վրայ: Արժէքաւոր նուէր մը պիտի ստանաք: Կանուխ գացէք աշխատանքի եւ միշտ ժպտեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Դրական շրջան մըն է. ձեր շրջապատին ուշադրութիւնը պիտի գրաւէք: Դրական զարգացում մը պիտի կատարուի ձեր կեանքին մէջ: Ամրապնդեցէք ձեր յարաբերութիւնները:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Յոգնութիւն պիտի զգաք ճնշումներէն: Մի՛ յետաձգէք ձեր գործը վաղուան եւ ժամանակ մի՛ կորսնցնէք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք եւ օգնութիւն խնդրեցէք ձեր ընկերներէն, եթէ պէտք ունեցաք: Նոր գործ մը պիտի սկսիք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Թշնամական կեցուածք պիտի ունենաք այս օրերուն: Ուշադիր եղէք եւ օրէնքները զանց մի՛ ընէք: Նեղութիւն մը պիտի կրէք ձեր շուրջիներէն: Պինդ պահեցէք ձեր ջիղերը: