Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրէն Պարսեան Կարեւոր Կը Նկատէ Վերատեսութեան Ենթարկել Նոր-Ազատական Տնտեսական Քաղաքականութիւնը

January 31, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի պատասխանատու, տնտեսագէտ Սուրէն Պարսեան «ԳԱԼԱ»-ի «Առանցքում» հաղորդաշարին ընթացքին անդրադարձած է «Հայաստանի հարկային օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» Հայաստանի օրէնքի նոր նախագիծին եւ հաստատած, որ անիկա յետադիմական համակարգ է, որովհետեւ առաջարկուող տարբերակով հարուստները եւ աղքատները սպառման ժամանակ պիտի վճարեն միեւնոյն չափով հարկեր, ինչ որ այս համակարգը կը դարձնէ անարդար եւ անարդիւնաւէտ:

Ըստ Սուրէն Պարսեանի, բարեփոխումներու նպատակն է բարելաւել գործարար եւ ներդրումային միջավայրը, մանր գործառնութիւնները, սակայն կը ներառուին այնպիսի դրոյթներ, որոնք հակառակը կը փաստեն: «Այս առաջարկուող տարբերակին իբրեւ արդիւնք կը վերցուի այն դրոյթը, որ հարկային տարուան ընթացքին կարելի չէ նոր հարկատեսակ ներառել կամ հարկային դրոյքաչափերը բարձրացնել», ըսած է տնտեսագէտը` աւելցնելով.

«Երբ մենք կ՛ըսենք, որ մեր տնտեսութիւնը պէտք է ներառական ըլլայ, այսինքն` բարեփոխումներէն պէտք է օգտուին բոլորը, բայց եւ այնպէս պիտի ստեղծուի այնպիսի վիճակ, որ այս բարեփոխումներէն պիտի օգտուին միայն հարուստները»:

Սուրէն Պարսեան դիտել տուած է, որ առաջարկուող համակարգով ցած եկամուտ ունեցողը եւ բարձր եկամուտ ունեցողը մէկ շիշի պարագային պիտի վճարեն նոյնքան տուրք:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ասիկա ընկերային արդարութեան հարց չի՞ ստեղծեր` Սուրէն Պարսեան հաստատած է, որ անարդարութիւն է, եւ այսպիսի մօտեցում աշխարհին մէջ ընդամէնը 5-6 երկիր ունի, ինչ որ կը փաստէ այս համակարգին կամ մօտեցման ոչ արդիւնաւէտ ըլլալը: «Անշուշտ անարդար է, երբ 80 հազար դրամ աշխատավարձք ստացող ուսուցիչը եւ 1 միլիոն դրամ ստացող պետական պաշտօնեան կը վճարեն միեւնոյն չափով հարկեր»:

Սուրէն Պարսեան կարեւոր նկատած է վերատեսութեան ենթարկել նոր ազատական տնտեսական քաղաքականութիւնը, որ իր վատ դրսեւորումներով պատճառ պիտի դառնայ հասարակութեան մէջ ընկերային խնդիրներու սրումին, որուն պատճառով հարուստներուն ու աղքատներուն միջեւ վիհը աւելի պիտի խորանայ:

 

Նախորդը

Սահմանադրական Դատարանը Մերժած Է Ռոպերթ Քոչարեանի Դիմումի Քննութիւնը

Յաջորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ Քալիֆորնիոյ Հայկական Վարժարանի Սաներու Իւրայատուկ Պատասխանը Հաստատութեան Վրայ Թրքական Դրօշները Փակցնելու Արարքին

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.