Հարաւային Քալիֆորնիոյ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան ազգային վարժարանի սաները իւրայատուկ ձեւով պատասխանած են անյայտ անձի մը կողմէ կրթական հաստատութեան դէմ կատարուած վանտալիզմի արարքին, մասնաւորաբար` թրքական դրօշներ փակցնելու գայթակղեցուցիչ դէպքին:
«Ասպարէզ» կը նշէ, որ ատոր ի պատասխան վարժարանի սաները շէնքի տարբեր մասերուն մէջ, ինչպէս նաեւ դարպասներուն փակցուցած են հայկական եռագոյնը:
Մեր պաշտօնակիցը կը մանրամասնէ, թէ անվտանգութեան տեսախցիկներու արձանագրած նկարներուն մէջ կ՛երեւի, որ առաւօտեան ժամը 4:00-ին դիմակաւոր անձը մօտեցած է վարժարանին եւ սկսած թրքական դրօշներ կախել:
Նոյնպիսի դէպք տեղի ունեցած է նաեւ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին մէջ: Այժմ ոստիկանութիւնը երկու դէպքերն ալ կը հետաքննէ:
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆ դիմատետրի իր էջին վրայ անդրադարձած էր հայկական սեփական վարժարաններու դէմ կատարուած վանտալիզմի արարքին: «Այս դպրոցներ կը յաճախեն Օսմանեան կայսրութեան կատարած Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու բազմաթիւ ժառանգորդներ: Ատելութեան դրսեւորման դատապարտման հարցին մէջ ես կանգնած եմ հայ համայնքի կողքին», գրած էր Շիֆ:
Ներկայացուցիչներու տան անդամ Պրետ Շըրմըն իր կարգին դիմած է «Էֆ.Պի.Այ.»-ին` կոչ ուղղելով հետաքննութեան սկսելու ատելութեան դրսեւորման դէպքին առնչութեամբ: Քոնկրեսականը դաշնակցային իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է օրէնքի ամբողջ խստութեամբ պատժելու մեղաւորները:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը խստօրէն դատապարտեց հայկական վարժարաններուն դէմ ատելութեան հողի վրայ կատարուած յանցագործութիւնները:
«Այսպիսի վարքագիծ կրնայ նկատուիլ Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուութեան բացակայութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող ժխտողականութեան հետեւանք: Ասիկա նաեւ կը յիշեցնէ, թէ ինչո՛ւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ արդարութեան համար պայքարը կը մնայ մեր առաջնահերթութիւններու շարքին», նշուած է յանձնախումբին հրապարակած յայտարարութեան մէջ:



