Սահմանադրական դատարանը մերժած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի դիմումի քննութիւնը:
Քոչարեանի պաշտպանական խումբը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ 8 յունուարին դիմում ներկայացուցած է սահմանադրական դատարանին` դիտել տալով, որ վճռաբեկ դատարանը պէտք չէ վարոյթ ընդունէր գլխաւոր դատախազի վճռաբեկ բողոքը: Դիմումը մերժուած է, որովհետեւ իրաւական բաւարար հիմքեր չկային անոր:



