Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Դրական Ազդակներ Կը Տեսնէ Ղարաբաղեան Բանակցութիւններուն Մէջ

Յունուար 21, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը դրական ազդակներ կը տեսնէ ղարաբաղեան տագնապին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ եւ կ՛ակնկալէ, որ կողմերը լիարժէքօրէն իրագործեն վերջին հանդիպումներուն ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսուած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի գրասենեակի` շաբաթ օր հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին հաղորդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումները ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հովանիին տակ, դրական ազդակներ կը հաղորդեն ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման», յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարի բանբեր Մայա Քոսիանչիչը:

«Եւրոպական Միութիւնը կը սպասէ անոնց արդիւնքներուն լիարժէք իրագործման, ներառեալ` արտաքին գործոց նախարարներու վերջին համաձայնութեան կատարումը, ըստ որուն անհրաժեշտ է շօշափելի քայլերու ձեռնարկել` իրենց հասարակութիւնները խաղաղութեան պատրաստելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ քննել քայլեր` բանակցութիւնները վերականգնելու համար»:

«Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ լիովին աջակցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն, ընդ որում` Եւրոպական Միութեան Կովկասի գծով յատուկ ներկայացուցիչին միջոցով, ինչպէս նաեւ կողմերու միջեւ վստահութիւնը ամրապնդող քայլերով: Բոլորը պիտի շահին տեւական խաղաղութենէն, որ կարելիութիւն պիտի տայ Հարաւային Կովկասին ամբողջովին իրականացնելու իր կարելիութիւնները», շաբաթ օր իր հրապարակած յայտարարութիւնը կը փակէ Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան պետի բանբերը:

Քարասին. Համանախագահները Կը Ջանան Արցախի Հարցի Կարգաւորման Պայմանները Ստեղծել»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասին յայտարարեց, թէ 2018-ն աշխուժ տարի էր «Հարաւային Կովկասի երկիրներուն հետ մեր յարաբերութիւններուն համար»` աւելցնելով, որ 2018-ին կարելի եղած է քննարկումները բազմացնել յատկապէս «մեր դաշնակից Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն գծով»: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմենիա.ազ» կայքը:

«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը առայժմ կը մնայ չլուծուած: Սակայն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահները` Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա, միասնաբար կ՛աշխատին ղարաբաղեան տագնապին լուծման համար պայմաններ եւ բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու ուղղութեամբ: Կը յուսանք, որ 2019-ը նոր եւ դրական զարգացում կը բերէ Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապներուն», ըսաւ Քարասին:

 

 

 

Նախորդը

Արաբական Տնտեսական Վեհաժողով

Յաջորդը

Սպանութեան 12-ամեակին Առիթով. Հրանդ Տինքին Նուիրուած Յիշատակի Ձեռնարկներ

RelatedPosts

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողովը Տեղահանուած Արցախահայութեան Անունով Դիմած Է ԵԱՀԿ-ի Մասնակից Պետութիւններուն

Օգոստոս 21, 2025
Ռուպիօ Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Ռուս-Ուքրանական  Բանակցութիւններն Ու Հայ-Ազրպէյճանական  Հռչակագիրի Ստորագրումը
Հայկական

Ռուպիօ Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Ռուս-Ուքրանական Բանակցութիւններն Ու Հայ-Ազրպէյճանական Հռչակագիրի Ստորագրումը

Օգոստոս 21, 2025
Թրամփ Պատմած Է Փաշինեանի  Եւ Ալիեւի Հետ Հանդիպումին Մասին
Հայկական

Թրամփ Պատմած Է Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ Հանդիպումին Մասին

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?