Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած է Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի ղեկավար զօր. Մոհամետ Հուսէյն Պաղերին, որ երկօրեայ այցելութեամբ հասած է Պաքու` զինուորական-պաշտպանական ոլորտին մէջ յուշագիր ստորագրելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Իրանն ու Ազրպէյճանը բազմաթիւ պատմական, կրօնական ու մշակութային հասարակաց գիծեր ունին», Պաքու հասնելուն պէս յայտարարած է իրանցի բարձրաստիճան զինուորականը` յայտնելով, որ հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկէ Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինուորական կապերը ընդլայնելու կարելիութիւնները: