Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկրագունդը Պահպանելու Համար

Յունուար 5, 2019
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

«Կ՛ըսէք, որ ձեր զաւակները կը սիրէք ամէն բանէ աւելի, եւ հակառակ ասոր` դուք անոնց ապագան կը խլէք անոնց աչքերուն առջեւ»:

Այս ձեւով արտայայտուած է 15 տարեկան Կրեթա Թանտպըրկը` կլիմայի յատկացուած 24-րդ համագումարին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ դեկտեմբեր 2018-ին, Լեհաստանի մէջ: Ան չքաշուեցաւ իրականութիւնը ըսելու աշխարհի բոլոր ներկայացուցիչներուն առջեւ:

Օգոստոս ամիսէն ի վեր շուէտացի այս պարմանուհին ամէն ուրբաթ դպրոց երթալու փոխարէն` կ՛ուղղուի դէպի Շուէտի վարչապետարան` բողոքելու եւ ցոյց ընելու, պատասխանատուները մղելու գործնական որոշումներու` կլիմայի տաքութեան դէմ պայքարելու համար: Կրեթան կոչ ուղղած է աշխարհի բոլոր մանուկներուն` իր օրինակին հետեւելու: Այս ձեւով, աշխարհին շուրջ նուազագոյնը 270 քաղաքներու եւ երկիրներու մէջ աւելի քան 20 հազար ուսանողներ միացած են Կրեթայի շարժումին:

***

Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած կլիմայի յատկացուած համագումարին մասնակցած են մօտաւորապէս 200 պետութիւններ: «Որովհետեւ մեր ղեկավարները մանուկներու նման կը վարուին, մենք պէտք է առնենք այդ պատասխանատուութիւնը, որ անոնք շատոնց պէտք էր առած ըլլային», ըսաւ Կրեթա: Համագումարին ընթացքին ան հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիթերեսի հետ եւ մեծ տպաւորութիւն ձգեց անոր վրայ: Այս վերջինը համոզուած է, որ երիտասարդ սերունդներն են, որոնք պիտի մղեն եւ ամբողջացնեն հիմա սկսած գործը, հետեւաբար կարեւոր է անոնց ուժը եւ գաղափարները օգտագործել կլիմայի պահպանումին նպատակով նոր ծրագիրներ մշակելու համար:Տէյն Եւ

Ձիւնէ Գնդակները

Տէյն Պեսթ 9 տարեկան մանչուկ մըն է ան կ՛ապրի Ամերիկայի Քոլորատօ նահանգին Սեզերընս փոքրիկ քաղաքին մէջ: Այդ քաղաքին մէջ գոյութիւն ունի յատուկ օրէնք մը, որ դրուած է 1920 թուականներուն: Արգիլուած է քարեր կամ որեւէ մէկ տեսակի «մարմիններ» նետել: Այս վերջին խմբակին մէջ կ՛իյնան, անշուշտ, ձիւնէ գնդակները:

Տէյն ուզած է այս օրէնքը փոխել: Հետեւաբար ներկայացած է իր քաղաքի քաղաքապետարանի պատասխանատուներուն, փորձելով զանոնք համոզել: Տէյն պատրաստած էր իր պատճառաբանութիւններն ու ապացոյցները: Ըստ անոր, ձիւնէ գնդակներ նետելու իրաւունք ունենալը պիտի մղէր մանուկները` տունէն դուրս ելլելու, մարզանք ընելու եւ այս ձեւով` աւելորդ ծանրութիւն չկուտակել:

Պատասխանատուները կը համաձայնին Տէյնի մտածելակերպին հետ, եւ գնդակներ նետելու արգելքը կը ջնջեն:

Այս ձեւով, Տէյնը իրաւունքը ունեցած է նետելու արտօնուած առաջին ձիւնէ գնդակը:

Շուէտ

Աշխարհի Ամէնէն Գեղեցիկ Եւ Համեմներով
Պատրաստուած Կարկանդակէ Տունը

Աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ եւ համեմներով պատրաստուած կարկանդակէ տունին մրցումը տեղի կ՛ունենայ դեկտեմբեր ամսուն, Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ: Այս մրցումը այս տեսակի մրցումներուն ամէնէն շքեղն է:

Այս տարի առաջնութիւնը շահեցաւ 21 տարեկան երիտասարդուհի մը: Համեմներով պատրաստուած այս կարկանդակէ տունը Շուէտի մէջ Կաղանդի տօներուն ամէնէն յատկանշական տարրերէն մէկն է: Տան պատերը շինուած են համեմներով կարկանդակի կտորներով, ապա անոնք իրարու փակցուած են նուշի խմորով, իսկ տանիքն ու վանդակապատերը ծեփուած են շաքարէ քրեմով մը:

Եթէ քեզ կը հետաքրքրեն այս տեսակի գործերը, դուն տակաւին ժամանակ ունիս զանոնք տեսնելու: Մրցումին մասնակցած 153 գործերը տակաւին կը ցուցադրուին Սթոքհոլմի մէջ, մինչեւ յունուար 6…

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– «Կաղանդ պապան կը յաղթէ Հրատի բնակիչներուն»: Ասիկա 1964-ի շարժապատկերի մը վերնագիրն է: Ան կը խօսի Հրատի բնակիչներուն մասին, որոնք երկրագունդ կու գան Կաղանդ պապան արեւանգելու:

– Եւրոպայի կարգ մը շրջաններու մէջ, ըստ առասպելի մը, Ծնունդի կէս գիշերին անասունները կրնան խօսիլ:

– Ըստ կարգ մը աւանդութիւններու, Կաղանդի ծառը յունուար 6-էն առաջ հանելը դժբախտութիւնը կրնայ պատճառել:

– Տարի մը Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տան պաշտօնեաները շէնքը զարդարեցին տանիքէն 8000 թուղթէ փաթիլներ կախելով:

– 2014 թուականին Նիկերիոյ մէջ (Ափրիկէ) 25.272 երկիրներ հաւաքուեցան Ծնունդի երգեր երգելու համար: Անոնք նոյն ատեն նոր մրցանիշ մը արձանագրեցին:

– Հոլանտայի մէջ խումբ մը անձեր շինեցին Ծնունդի յատուկ հացէ անուշեղէն մը, որ ամբողջ փողոցի մը երկարութիւնը ունէր:

– Գիտէի՞ր, թէ կարելի է արհեստական ձիւն շինել գետնախնձորի նշայով:

– Ամերիկայի Քալիֆորնիա նահանգին Հոլիվուտ շրջանին մէջ գոյութիւն ունի խանութ մը, որ կը ծախէ 2500 տոլար արժող յատուկ շինուած Կաղանդ պապայի հագուստներ:

– Մեքսիքայի մէջ մանուկները Կաղանդը կը տօնեն փենիաթներ կտրելով:

– Ըստ գիտնականի մը, Կաղանդ պապան Կաղանդի գիշերուան իր շրջապտոյտին ընթացքին պէտք է կտրէ 241 միլիոն քմ:

– Ըստ աւանդութեան, Իսլանտայի յատուկ Կաղանդ պապան փտած գետնախնձորներ կը դնէ չարաճճի մանուկներուն կօշիկներուն մէջ:

– Հարաւային կիսագունդին մէջ Կաղանդը կու գայ ամրան կիսուն:

– Քանի մը դար առաջ, երբ առաջին անգլիացի գաղթականները հաստատուեցան նոր գտնուած Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, անոնցմէ կարգ մը խումբեր արգիլեցին Ծնունդի տօնակատարութիւնները եւ նոյնիսկ տուգանքի ենթարկեցին զայն տօնողները:

– Եթովպիոյ, Ղազախստանի, Եգիպտոսի եւ Սերպիոյ մէջ բնիկ քրիստոնեաները Ծնունդը կը տօնեն յունուար 7-ին:

– Քալիֆորնիոյ Սան Տիէկօ քաղաքին մէջ բոլոր անոնք, որոնք իրենց Կաղանդի լոյսերը կախած կը պահեն փետրուար 2-էն ետք, տուգանքի կ՛ենթարկուին:

– Անգլիոյ կարգ մը շրջաններու մէջ մարդիկ Ծնունդը կը տօնեն սառ-ջուրի մէջ ցատկելով:

– Աշխարհի ամէնէն մեծ շաքարէ գաւազանը մոխրագոյն կէտի մը չափ էր:

– Հնդկաստանի մէջ խումբ մը անձեր շինած են 10 յարկանի շէնքի մը չափ մեծ Կաղանդի զարդ մը:

– Սառոյցի վրայ սահելու ժամանցը հաւանաբար հնարուած էր 5000 տարիներ առաջ, Ֆինլանտայի մէջ:

Ժամանց
Կէտերը իրար միացուր 1 – 92` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

Կրնա՞ս գտնել ուտելիքի տոպրակին հասցնող ճամբան:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (5 Յունուար 1969)

Յաջորդը

Փորձ-Հարցարան. Ինչպէ՞ս Կը Պատկերացնէք Ս. Ծնունդի Գիշերը. Ինչպիսի՞ Անձ Էք Դուք

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?