Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
31 հոկտեմբերին աշխարհին շուրջ միլիոնաւոր անձեր Հալոուինը պիտի տօնեն ծպտուելով, շաքարեղէններ ուտելով եւ վախնալիք առարկաներով զարդարելով տուները: Այս տօնը յատկապէս ժողովրդականութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Սակայն ինչպէ՞ս այս «վախնալիք» տօնը ծնաւ:
Հալոուինի պատմութիւնը կը սկսի աւելի քան 2000 տարիներ առաջ, կելտական ցեղախումբերու Սամհէյն փառատօնով: Կելտական ցեղախումբերը կ՛ապրէին ներկայի Իրլանտայի, Անգլիոյ եւ հիւսիսային Ֆրանսայի շրջաններու մէջ: Սամհէյնը կը նշէր հունձքի աւարտը: Մարդիկ կը հաւատային, որ մեռած անձերու ոգիները կրնային աշխարհ վերադառնալ Սամհէյնի ժամանակ: Այս ոգիներէն պաշտպանուելու համար մարդիկ մեծ խարոյկներ կը վառէին եւ անասուններու մորթով պատրաստուած տարազներ կը հագուէին:
8-րդ դարուն Կրեկորի Գ. պապը կը հաստատէ նոյեմբեր 1-ը` իբրեւ Ամենայն Սրբոց տօն ի պատիւ սուրբերուն: Ժամանակի ընթացքին տօնակատարութիւններուն սկսան մաս կազմել նաեւ Սամհէյնէն կարգ մը սովորութիւններ: Ամենայն Սրբոց նախօրեակը կը դառնայ Օլ Հալլոզ՛ Իվ, որ հետագային կը դառնայ Հալոուին:
***
Հալոուինի սովորութիւնները Ամերիկա հասան սկովտիացի եւ իրլանտացի գաղթականներուն միջոցով 1800-ական թուականներու կէսերուն: Սկզբնական շրջանին ան ժողովրդականութիւն ունեցաւ յատկապէս հիւսիսարեւելեան եւ կեդրոնական շրջաններուն մէջ, եւ ապա ամբողջ երկրին մէջ տարածուեցաւ 20-րդ դարու սկիզբը: Այդ առաջին շրջաններուն մարդիկ Հալոուինը կը տօնէին իրարու ոգիներու պատմութիւններ պատմելով, պարելով եւ երգելով:
***
Թրիք-օր-թրիթ սովորութիւնը` «Հնարք կամ համով բան», ունի եւրոպական արմատներ, եկած` բոլոր ոգիներու օրէն: Այդ օրը աղքատները հարուստներու դուռերը կը զարնէին եւ անոնց մեռելներու ոգիներուն համար աղօթք կը նուիրէին: Ասոր փոխարէն` անոնք կը ստանային «ոգիներու կարկանդակ» կոչուած հաց մը: Այս ձեւով, երբ սկովտիացի եւ իրլանտացի փոքրիկները սկսան ծպտուելով շրջիլ երգելով կամ բանաստեղծութիւններ արտասանելով, անոնք սկսան ստանալ անուշ փոքրիկ ուտելիքներ: Անշուշտ հետագային գաղթականները այս սովորութիւնները իրենց հետ Ամերիկա բերին, եւ ժամանակի ընթացքին ան դարձաւ ներկայիս մեզի ծանօթ «Թրիք-օր-թրիթ»-ը:
Սակայն ինչո՞ւ շաքարեղէններ… «Թրիք-օր-թրիթ»-ի սկզբնական օրերուն փոքրիկները կը ստանային` տօնը պատրաստուած անուշեղէններ, պտուղներ, ընկոյզներ, դրամ, եւ փոքրիկ խաղալիքներ: Ասիկա փոխուեցաւ 1970-ական թուականներուն, երբ ծնողները սկսան մտահոգուիլ իրենց մանուկներուն հրամցուած ո՛չ փաթեթաւորուած ուտելիքներէն եւ նախընտրեցին գործարանները պատրաստուած եւ փաթեթաւորուած շաքարեղէնները, որոնք աւելի ապահով կը թուէին:
***
Երբ Հալոուինի մասին կը մտածենք, առաջին պատկերը, որ մեր միտքը կու գայ, դէմք մը ունեցող մեծ նարնջագոյն դդումն է, Ճաք-օ-լանթըրնը: Այս սովորութիւնը եկած է Իրլանտայէն, ուր մարդիկ գէշ ոգիները հեռացնելու համար գետնախնձորներու եւ շողգամներու վրայ խորհրդաւոր դէմքեր կը քանդակէին: Իսկ երբ իրլանտացիները Ամերիկա եկան, անոնք նարնջագոյն մեծ դդումները, որոնք շատ աւելի մեծ էին քան գետնախնձորներն ու շողգամները եւ աւելի դիւրութեամբ կը քանդակուէին: Շատ շուտ այս մեծ նարնջագոյն դդումները դարձան Հալոուինի խորհրդանիշը:
Ձեռային Աշխատանք
Աշնանային Ոզնիները
Տան մէջ աշնանային եւ տաքուկ մթնոլորտ մը ստեղծելու համար կրնաս շինել այս փոքրիկ ոզնիները:
Այս աշխատանքին համար պէտք պիտի ունենաս յատկապէս պարզ ճերմակ թուղթի, ներկ մատիտներու, մկրատի եւ խէժի:
1.- Սկսելու համար թուղթդ կտրէ քառակուսի ձեւով: Ապա զայն ծալէ երկու անգամ եռանկիւն ձեւով:
2.- Վերջին ծալքը դարձեալ բաց, ապա ծալէ դարձեալ` քառակուսի մը ստանալու համար:
3.- Վերի բաժինը կէս կլոր ձեւով կտրէ:
4.- Կէս ծալքերը բաց: Սեւ մելան ներկ մատիտով մը գծէ անասունին մանրամասնութիւնները` աչքեր, քիթ, բերան, փուշերը…
5.- Ծայրի երկու բաժինները իրարու վրայ փակցուր` ստանալու համար մօտաւորապէս եռանկիւնաձեւ ոզնի մը:
6.- Ոզնիին ետեւի բաժինը մկրատով կտրտէ եւ ծալէ փուշի տպաւորութիւն տալու համար:
7.- Վերջապէս թուղթի մը վրայ գծէ, ներկէ եւ կտրէ սունկեր, աշնանային պտուղներ, տերեւներ: Զանոնք փակցուր ոզնիին վրայ:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել ցանկին մէջի բոլոր տարրերը վերի տախտակին մէջ:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:



