ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Տարին պիտի սկսիք իւրայատուկ խանդավառութեամբ: Համբերող եղէք, որպէսզի ուրախութիւն զգաք: Պիտի յաջողիք ձեր միտքերը արտայայտել: Պիտի զգաք, որ սիրուած էք ձեր շրջապատէն:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ստիպուած, պիտի կրկնապատկէք ձեր ճիգերը` հասնելու համար ձեր նպատակներուն: Արդիւնաբեր ամիս մը պիտի ունենաք: Եթէ ուրիշները կ՛ունկդրեն ձեզ, դուք ալ պարտաւոր էք ունկնկդրելու ուրիշները:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Վերապահ եղէք ձեր անձնական եւ զգացական կեանքին մէջ, որպէսզի դժուարութիւններ չունենաք: Հեռուէն ուրախ լուր մը պիտի ստանաք, որուն հիման վրայ ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր շուրջինները պիտի գովեն ձեր իմաստութիւնը: Տարուան առաջին ամիսներուն ընթացքին աւելի դրական պիտի զգաք: Բարեգործութիւններ պիտի կատարէք` առանց տեղեկացնելու ձեր շուրջինները:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր նեղութիւնները եւ դժուարութիւնները պահեցէք ձեր ժպիտի ետին: Անոնք անպայման օր մը կը լուծուին: Ժամանակի ընթացքին պիտի յաջողիք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Հաճելի հանդիպումներ պիտի ունենաք եւ ձեր սիրտը շոյող խօսքեր պիտի լսէք: Ձեր ուսերուն ունիք պատասխանատուութիւն մը, որմէ փախուստ պիտի չկարենաք տալ: Համբերող եղէք, ժամանակը կը լուծէ ամէն բան:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Անհասկացողութեան մը զոհ պիտի երթաք եւ քիչ մը տխրութիւն պիտի զգաք: Արտայայտեցէք ձեր միտքերը, որպէսզի մարդիկ լուսաբանուին: Դրական շրջան մը պիտի ապրիք, անհոգ մնացէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ուրախ լուրեր պիտի ստանաք, եւ ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ: Փոփոխութիւն մը պիտի կատարուի ձեր կեանքին մէջ: Ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Նոր տարուան առաջին օրերուն պէտք է վերատեսութեան ենթարկէք ձեր հաշիւները: Խնայողութեամբ ծախսեցէք, որպէսզի յառաջիկային նեղութեան չմատնուիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Պիտի պատահի դէպք մը, որուն հիման վրայ ձեր մտածելակերպը պիտի փոխուի: Սիրոյ ուրախ պահեր պիտի ապրիք ձեր սիրեցեալին հետ: Ձեր փափաքներէն մէկը շուտով պիտի կատարուի:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Նոր տարին պիտի սկսիք` փոփոխութիւն մտցնելով ձեր գործին մէջ: Ձեր շուրջինները շատ բարձր պիտի գնահատեն ձեր աշխատասիրութիւնը: Պատրաստ եղէք հաճելի անակնկալի մը:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Առիթներէն պիտի օգտուիք եւ ձեր գործերը ինքնավստահութեամբ յառաջ պիտի տանիք: Մեծ յաջողութիւններ կը սպասեն ձեզի յառաջիկային: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք եւ հանդիպիք ձեր սիրելիին:
