ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Մեծ խանդավառութեամբ պիտի սկսիք ձեր օրը: Կը մտածէք ձեր ապագային մասին: Հարուստ յարաբերութիւններ պիտի մշակէք: Այս օրերուն ձեր ժպիտը անպակաս պիտի ըլլայ ձեր դէմքէն:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է: Քիչ մը իրար պիտի անցնիք, բայց վիճաբանութեան մէջ մի՛ մտնէք եւ հարցադրումներու մի՛ ենթարկէք դուք ձեզ: Հոգատար պիտի ըլլաք ձեր շուրջիններուն հանդէպ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Մէկը ձեր մասին հոգ պիտի տանի: Ան շատ կը փափաքի մտերմանալ ձեզի հետ, բայց դուք կասկածանքով կը մօտենաք անոր: Առիթով մը պիտի վերագտնէք ձեր երջանկութիւնը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Մի՛ հրաժարիք ձեր նպատակներէն: Տարուան աւարտին վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր իրականացուցած եւ չիրականացուցած ծրագիրները: Ձեր շուրջինները պիտի արժեւորեն ձեր կատարած զոհողութիւնը ձեր գործի յաջողութեան:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Հին էջեր մի՛ բանաք եւ գաղտնիքներ մի՛ բացայայտէք: Իւրայատուկ բախտ մը պիտի ունենաք: Ձեր կատարած աշխատանքը ուշադրութեան կեդրոն պիտի դառնայ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր հասցէին ուղղուած գովասանք մը ձեզ շատ պիտի ուրախացնէ: Նորութիւն մը պիտի մտցնէք ձեր առօրեային մէջ: Աշխատանքային ծրագիր մը պիտի մշակէք եւ լաւապէս պիտի դասաւորէք ձեր գործերը տարուան աւարտին:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Բժշկական անցողական հարց մը պիտի ունենաք: Նոր միտքեր պիտի ստանաք ձեր շրջանակէն: Հեռաձայնային կարեւոր կապ մը պիտի հաստատէք այս օրերուն: Նամակ մը պիտի ստանաք եւ շատ պիտի ուրախանաք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ունիք երազանք մը, զոր կ՛ուզէք իրականացնել: Նիւթական շահ մը պիտի ապահովէք: Ձեր աշխատանքային պայմանները դէպի լաւը պիտի փոխուին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Հարցումներ պիտի ունենաք ձեր շուրջիններուն: Որոշումէ մը պիտի հրաժարիք: Պիտի վերյիշէք մոռցուած դէպք մը: Գաղտնի ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք: Պիտի գործակցիք ձեր ընկերներուն հետ` ծրագիրի մը յաջողութեան համար:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր փափաքներէն մէկը պիտի իրականացնէք եւ ցոյց պիտի տաք ձեր ուժն ու կարողութիւնը: Նոր աշխատանք մը պիտի առաջարկուի ձեզի: Նիւթական հաշիւներ պիտի կատարէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Մի՛ աճապարէք հարցի մը լուծման գործընթացին մէջ: Պիտի գործակցիք օտարներու հետ: Ձեր ընտանիքին յաւելեալ ժամանակ պիտի տրամադրէք եւ կարիքները պիտի հոգաք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Սիրային արկածախնդրութիւն մը պիտի ունենաք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Յաջողութիւններ պիտի արձանագրէք ձեր գործին մէջ: Նոր ծրագիր մը պիտի սկսիք մշակել: