Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմութեան Անցած Խաղալիքներ

Դեկտեմբեր 29, 2018
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ամէն տարի տեսակաւոր նոր խաղալիքներ կը լեցնեն Կաղանդ պապային տոպրակը: Սակայն կան խաղալիքներ, որոնք միշտ ներկայ կը մնան Կաղանդ պապային ցանկին վրայ:

Նախագահ Ռուզվելթի փըլիւշէ արջուկը

1902-ին Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Թէոտոր Ռուզվելթ, չորս օրուան արջի որսորդութեան արշաւէ մը ետք, կը պատրաստուի ձեռքերը պարապ վերադառնալ: Անոր հաճոյք պատճառելու համար, արշաւին կազմակերպիչները ծառի մը կոճղին կը կապեն արջուկ մը, որպէսզի ան անասունը որսայ եւ այդպէս վերադառնայ:

Սակայն նախագահը կ՛ընդվզի այս արարքէն եւ կը մերժէ անասունը սպաննել եւ զայն ազատ կ՛արձակէ:

Յաջորդ տարին երկու խաղալիք շինողներ այս յուզիչ պատահարը պատմութեան կ՛անցընեն` ստեղծելով փըլիւշէ արջուկ մը, զոր կ՛անուանեն «Թետի»` ի պատիւ նախագահին: Այս խաղալիքը այնքան մեծ յաջողութիւն կը գտնէ, որ այդ ժամանակներէն ի վեր «փըլիւշէ արջուկը» անգլերէնով պարզապէս «Թետի պեր» կը կոչուի:

Քափլայի կտորներ` պալատ շինելու համար

25 տարեկանին, հոլանտացի Թոմ Վան Տէր Պրուկընը ունի մէկ երազ, Ֆրանսայի մէջ պալատ մը շինել: Ճարտարապետութեան սիրահար երիտասարդը կ՛երազէ սքանչելի պալատ մը` աստիճաններով, աշտարակներով… Արդիւնքը յստակօրէն տեսնելու համար ան կը սկսի շինել պալատին մանրակերտը: Շինութեան համար անոր գծած փայտէ խորանարդները շատ մեծ են իր մանրակերտին համար: Հետեւաբար ան անձամբ կը կտրէ եւ կը ձեւաւորէ նոյն չափով փայտէ կտորներ: Անոնք շատ ճշգրիտ են եւ հաստատուն կը մնան առանց խէժի:

Երբ պալատին մանրակերտը կը վերջանայ, ան կը շարունակէ զբաղիլ այդ շատ գործնական փայտի կտորներով: Ան այս փայտի կտորները այնքան հաճելի կը գտնէ, որ կ՛որոշէ աւելի մեծ թիւով անձերու մատչելի դարձնել: 1987-ին ան այս փայտի կտորները կ՛անուանէ «ՔԱպութըր ՓԼԱՆՔԺԸ» (Թզուկներու փայտիկներ) եւ շուկայ կ՛իջեցնէ: Այս երկար անունը կը կրճատուի, եւ «Քոփլան»-ը մեծ յաջողութիւն կը գտնէ կառուցումի սիրահարներուն մօտ:

Պարպարա եւ Քենեթ կը ներշնչեն իրենց մայրը

1950-ական թուականներուն ամերիկացի գործատէր Ռութ Հանտլըր կ՛անդրադառնայ, որ իր 10 տարեկան աղջիկը իր պարզ խաղալիքները կը ձգէ եւ կը խաղայ չափահասներ ներկայացնող թուղթէ կերպարներու հետ: Հետեւաբար Ռութ կը մտածէ հնարել անոր տարիքին աւելի յարմար կիներու նմանող պուպրիկներ:

Ռութը անմիջապէս շինել կու տայ դեղին մազերով, երկար ոտքերով եւ նեղ մէջքով մանըքեն պուպրիկ մը: Ան պուպրիկը կը կոչէ Պարպի, իր աղջկան անուան` Պարպարայի կր  ճատումը: Քիչ ետք ան կը ստեղծէ անոր ընկերը` Քենը, իր տղուն` Քենեթին կրճատումը: Այս պուպրիկները շատ մեծ յաջողութիւն կը գտնեն. անոնց ստեղծումէն ի վեր աւելի քան մէկ միլիառ օրինակներ ծախուած են աշխարհի շուրջ:

Մոնոփոլի` կտաւի կտորներու վրայ

1929-ին տնտեսական մեծ տագնապ կար Միացեալ Նահանգներու մէջ. ամերիկացի ճարտարագէտ Չարլզ Տարրոն իր գործը կը կորսնցնէ: Անգործութեան շրջանին, ան իր դրացիներուն մօտ կը տեսնէ հետաքրքրական ընկերային խաղ մը` «Տը լենտլորտ՛զ կէյմ» (Տանտիրոջ խաղը):

Ան անմիջապէս անոր նման խաղ մը կը յղանայ եւ զայն կը կոչէ Մոնոփոլի: Ան կը սկսի խաղը շինել իր տրամադրութեան տակ ունեցած առարկաներով. խաղին տախտակը կը շինուի խոհանոցի սեղանին ծածկոցով, եւ խաղին քարերուն համար ան կը գործածէ իր կնոջ ապարանջաներէն մէկուն վրայի զարդերը: Ան մեծ յոյսով իր խաղի ծրագիրը կը ներկայացնէ «Փարքըր պրատըրզ» ընկերային խաղերու ընկերութեան: Անոնք կը մերժեն` ըսելով, որ Մոնոփոլին ապագայ չունի, որովհետեւ ան շատ խրթին է:

Սակայն Չարլզը մեծ հաւատք ունի իր խաղին նկատմամբ եւ միջոցը կը գտնէ խաղը շուկայ իջեցնելու` իր անձնական միջոցներով: Խաղը այնքան շուտ յաջողութիւն կը գտնէ, որ «Փարքըր պրատըրզ» կը գնէ անոր իրաւունքները: Եւ այս ձեւով նախկին անգործը կը դառնայ միլիոնատէր:

Խոհագիր.

Կաղանդի Փոքրիկ Ծառեր

Կաղանդի պատրաստութիւններուն դուն ալ մասնակցութիւնդ բե՛ր` շինելով իւրաքանչիւր մասնակցողի յատուկ Կաղանդի ծառի տեսքով կարկանդակի կտորը:

Պէտք ունիս (8 հոգիի համար)

– 150 կրամ սեւ տուրմի, 100 կրամ շաքարի, 50 կրամ ալիւրի, 150 կրամ կարագի, 4 հաւկիթի, 2 ապուրի դգալ կաթի:
– Զարդարանքի համար` 200 կրամ փոշի շաքարի, 1 հաւկիթի ճերմկուցի, ուտուելիք կանաչ ներկի, 8 շաքարէ ցպիկի, գունաւոր շաքարէ գնդիկներու:

Պատրաստութիւն

– Փուռը տաքցուր 180 աստիճանի վրայ: Կարագը կակուղցուր:

– Տուրմը կտորներու բաժնէ եւ հալեցուր` վրան 2 ապուրի դգալ կաթ աւելցնելով, պեն-մարիի ձեւով:  Տուրմը դիր փոքրիկ խորունկ ամանի մը մէջ, աւելցուր կաթը, փոքրիկ կաթսայի մը մէջ տաք ջուր դիր եւ կաթսան պահէ կրակին վրայ: Տուրմի ամանը դիր տաք ջուրին վրայ եւ խառնելով` հալեցուր տուրմը:

– Խորունկ ամանի մը մէջ դիր կարագը եւ շաքարը. շատ լաւ խառնէ, մինչեւ որ խառնուրդը բաց գոյն ստանայ:

– Խառնուրդին վրայ աւելցուր հալած տուրմը:

– Վերջապէս, վրան մէկ-մէկ աւելցուր հաւկիթները եւ, վերջապէս, ալիւրը:

– Հաւկիթին ճերմկուցները պտղունց մը աղով զարկ, մինչեւ որ ձիւնին նման ըլլան, եւ ապա զանոնք զգուշութեամբ խառնէ ստացուած խիւսին հետ:

– Կարկանդակի ափսէի մը վրայ կարագ քսէ եւ ալիւր սրսկէ. մէջը պարպէ խառնուրդը:

– Կարկանդակը փուռին մէջ եփէ 180 աստիճանի վրայ, մօտաւորապէս 20 վայրկեան: Ձգէ, որ պաղի:

– Չափահասի մը օգնութեամբ կարկանդակը կտրէ 8 հաւասար եռանկիւնաձեւ կտորներու: Շաքարէ ցպիկները անցուր կարկանդակին մէջ կոր բաժինին կողմէ:

– 200 կրամ շաքարը շատ լաւ խառնէ 1 հաւկիթի ճերմկուցին հետ: Վրան աւելցուր քանի մը կաթիլ ուտուելիք կանաչ ներկ: Այս խառնուրդով կարկանդակին վրայ գծէ երիզներ եւ ապա զարդարէ գունաւոր պզտիկ շաքարէ գնդիկներով:

 Կաղանդ

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Միջնադարեան Անգլիոյ մէջ սովորութիւն էր Կաղանդին հրամցնել խոզի գլուխ` մանանեխով (մութարտ):

– Հարիւր տարիներ առաջ փոքրիկներուն կողմէ Կաղանդ պապային գրուած նամակին մէջի նուէրներու ցանկին մէջ շատ պահանջուած նուէրները պոնպոններ եւ կաղինի տեսակներն էին:

– Գերմանիոյ մէջ գոյութիւն ունի իւրայատուկ սովորութիւն մը: Ծնունդի առտուն մանուկները կը փնտռեն Կաղանդի ծառին մէջ պահուած թթուած վարունգի ձեւով զարդարանք մը:

– Աւստրալիոյ մէջ Կաղանդ պապան երբեմն կու գայ ուղղաթիռով կամ նաւակով:

– Ամէն տարի մօտաւորապէս 10 միլիոն հնդկահաւ կը սպառի Անգլիոյ մէջ, Ծնունդի շրջանին:

– 1800-ական թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու Փենսիլվանիա նահանգին մէջ հոլանտական ծագում ունեցող մանուկները իրենց տուներուն պատուհաններուն վրայ կը կախէին Կաղանդի քուքիներ` իբրեւ զարդարանք:

– Քանատա յատուկ նամակատուփ մը ունի Կաղանդ պապային յղուած նամակներուն համար: Անոր հասցէն HOH – OHO է:

 Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:

 

Քանի՞ տարբերութիւն կայ երկու պատկերներուն միջեւ:

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած աջ կողմի սիւնակին առարկաները:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (29 Դեկտեմբեր 1968)

Յաջորդը

Յաւերժական Երուսաղէմ – 12. Երուսաղէմցի Տղան` Վահրամ Մավեան

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?