Հարցազրոյցը` ԱՆՆԱ ԳԶԻՐԵԱՆԻ
Սուրիոյ քաղաքները արդէն ազատագրուած են ահաբեկչական խմբաւորումներէ, սակայն պատերազմը դեռ աւարտած չէ: Սուրիոյ խորհրդարանական պատուիրակութեան կազմին մէջ օրերս Հայաստան էր այդ երկրի խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Նորա Արիսեանը:
«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ կեանքը աւելի ապահով դարձած է, սակայն շարք մը խնդիրներ կը շարունակեն օրակարգային մնալ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Նորա Արիսեան, ըսէ՛ք, խնդրեմ, այցելութիւնը ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէր եւ ի՞նչ կարեւոր շեշտադրումներ կ՛առանձնացնէք այցէն:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Սուրիոյ պատուիրակութիւնը կը մասնակցէր Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովի գլխաւոր վեհաժողովի 52-րդ լիագումար նիստին, քանի որ Սուրիան կը ներկայացնէր Միջերկրածովեան խորհրդարանական վեհաժողովը, ուր այլ հարցերու կողքին, շեշտադրուեցաւ խորհրդարաններու դերը տարածաշրջանային տնտեսական համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ:
Կարելի է նաեւ հպարտութեամբ արձանագրել, որ այդ շրջանակին մէջ պատուիրակութիւնները, որոնց մէջ նաեւ` Սուրիոյ պատուիրակութեան անդամները, այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան եւ Ծիծեռնակաբերդ, ուր ծաղիկներ խոնարհեցուցին եւ մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեցին Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը:
Կը ցանկայի առանձնացնել նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկ կատարուած այցը, ուր հանդիպում ունեցանք տնօրէնին եւ գիտաշխատողներուն հետ, քննարկեցինք համագործակցութեան հեռանկարները:
Հ.- Այսօր Սուրիոյ եւ Հայաստանի խորհրդարաններու օրակարգին վրայ ի՞նչ հարցեր առաջնային կը համարէք: Ո՞ր ուղղութիւններով պէտք է գործընկեր պատգամաւորները յառաջ շարժին:
Պ.- Ազգային ժողովի նախագահին հետ մեր հանդիպման ժամանակ քննարկած ենք երկու խորհրդարաններուն յարաբերութիւնները, հեռանկարները: Կարեւոր է յաւելեալ ջանքեր գործադրել խորհրդարանական բարեկամական յանձնաժողովներու յարաբերութիւնները զարգացնելու առումով, որպէսզի ատով շարունակենք դարաւոր բարեկամական յարաբերութիւնները:
Հ.- Անցնող տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ բուռն ներքաղաքական զարգացումներ տեղի ունեցան` յեղափոխութիւն, նոր կառավարութիւն, ժողովրդավարութեան հաստատում: Սուրիոյ գործընկերներու պարագային ինչպէ՞ս կ՛ընկալուին հայաստանեան զարգացումները:
Պ.- Սուրիոյ մէջ կը հետեւին Հայաստանի մէջ տիրող զարգացումներուն եւ քաղաքական փոփոխութիւններուն` յոյս ունենալով, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէն եւ կառավարութեան նոր կազմը ձեւաւորելէն ետք հնարաւոր կ՛ըլլայ կեանքի կոչել ստորագրուած բազմաթիւ պայմանագիրները:
Հ.- Այս ընդհանուրին մէջ Հայաստան-Սուրիա կապի ամրապնդման գործին մէջ ի՞նչ դեր ունին Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ հայազգի պատգամաւորները, ընդհանրապէս` հայ համայնքը:
Պ.- Մենք կը ձգտինք կամուրջ հանդիսանալ երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ եւ մեր բոլոր ջանքերը կը գործադրենք ի նպաստ Սուրիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու զարգացման:
Հ.- Նորա Արիսեան, ըսէ՛ք, խնդրեմ, ներկայիս անվտանգութեան տեսանկիւնէն ի՞նչ իրավիճակ է Սուրիոյ հայաշատ վայրերուն մէջ:
Պ.- Պէտք է արձանագրել, որ քաղաքները արդէն ազատագրուած են ահաբեկչական խմբաւորումներէ, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ պատերազմը աւարտած է: Այո՛, կեանքը աւելի ապահով է` հակառակ կենցաղային որոշ խնդիրներուն, ինչպէս` սղաճը, հոսանքի եւ ջուրի մատակարարման խնդիրները:
Հ.- Որպէս հայազգի պատգամաւոր եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչ, ըստ ձեզի, որո՞նք են ներկայիս Սուրիոյ հայ համայնքին համար օրակարգային խնդիրները:
Պ.- Կը կարծեմ, որ բոլոր սուրիացիներուն նման` մեր օրակարգային խնդիրը վերականգնումն է, մանաւանդ` մեր դպրոցներու եւ հայկական կառոյցներու վերաշինութեան պարագան (ինչպէս, ըսենք, Դամասկոսի արուարձանի մէջ գտնուող հայկական վարժարանը), եւ այս աշխատանքները իրականութեան մէջ կ՛ենթադրեն գումարներ, բաւական ծաւալուն աշխատանք, եւ այստեղ են մեր հիմնական խնդիրները:
Բացի ասկէ, կը կարծեմ, անպայման պէտք է աշխատիլ գաղութի վերակառուցման խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ` տիրող նոր պայմաններու լոյսին ներքեւ:
Ինչ կը վերաբերի հայերու վերադարձին, ապա ըսեմ, որ, ճիշդ է, հանգիստ իրավիճակը կը խրախուսէ շատերու վերադարձը, սակայն թերեւս պէտք է հաշուի առնել նաեւ տիրող տնտեսական եւ կենցաղային իրավիճակը: