ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
1960-ականներուն Փարիզի ուսանողական «Մարի Նուպար» հայկական տուն ժամանեց հազիւ 20 տարեկան, գանգրահեր երիտասարդ մը: Եկած էր Պէյրութէն Փարիզ` Ազգ. բարձրագոյն երաժշտանոցը մտնելու, հմտանալու համար որպէս մենակատար դաշնակահար:
Տաղանդաւոր, ծայր աստիճան քաղաքավար, ընտանեկան յարկի աւանդութիւններով կրթուած իր դաշնակահար եղբօր` Ստեփան Էմմիեանի շունչով մեծցած այս տղան հմայեց ուսանողական տան բնակիչները` իր համակրելի բնաւորութեամբ:
Գէորգին հետ ծանօթացողը կ՛ուզէր իր բարեկամը դառնալ. այդպէս եղաւ նաեւ ինծի հետ: Հակառակ մեր տարբեր ասպարէզներուն, նկարիչ եւ երաժիշտ, առաջին իսկ վայրկեանէն մենք դարձանք բարեկամներ: Մեզ հետաքրքրող նիւթերն էին հայութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, բայց նաեւ մտքերու փոխանակումը` արուեստի եւ իմաստասիրութեան մասին:
Յաճախ մտիկ կ՛ընէի իր նուագը դաշնակի վրայ ու ճեպանկարներ կ՛ընէի իր դիմագիծներէն:
Քանի մը տարի ետք Գէորգ մեկնեցաւ Զուիցերիա` դաշնակի մասնաւոր դասեր առնելու:
Մենք զիրար գտանք նաեւ Պէյրութի մէջ, երբ երկուքս ալ եկած էինք ամրան մեր ծնողները տեսնելու:
Օր մը Գէորգ զիս հրաւիրեց իր Անժել քրոջը տունը` ծանօթացնելու իր քեռայրն ու հօրաքոյրը, որ ունէր գեղեցիկ ձայն: Երեկոն ծաղկեցուց հայկական գեղեցիկ երգերով, որոնց շարքին էր նոր ստեղծուած հետեւեալ երգը. «Որքան ցանկացայ ես մէկին սիրել, որ իր կրծքի տակ սիրած չունենար…»:
Ուրիշ տարի մը, դարձեալ ամրան, երբ կը գտնուէի Երուսաղէմ Մարիամ Աստուածածնի եւ առաջնորդ սրբազան Եղիվարդի դիմանկարները նկարելու համար, Գէորգը գտայ Ռամալլայի մէջ, ուր հրաւիրուած էր համերգ մը տալու:
Այդ եղաւ մեր վերջին հանդիպումը, սակայն Գէորգին քոյրը պատմեց հետեւեալը իր մասին.
«Գէորգը աւարտելէ ետք իր մասնագիտական ուսումը, հրաւիրուած էր Լոզանի երաժշտանոցին մէջ բարձրագոյն դասարաններուն դաշնակի դասեր տալու: Կը բնակէր Լոզան: Լիճի եզերքէն քիչ մը հեռու, ամէն օր կ՛երթար երաժշտանոց` փոխադրամիջոցով: Օր մը կ՛ուզէ քալելով երթալ լիճի եզերքէն` երազելով… Բաւական ետք ճամբու եզրին կը տեսնէ երիտասարդ խարտեաշ աղջիկ մը, որ կու լար… Գէորգը կը մօտենայ օրիորդին ու կը սփոփէ զայն: Մեկնելէ առաջ օրիորդին կու տայ իր այցեքարտը` ըսելով. «Երբ որեւէ ատեն պէտք ունենաս, հեռաձայնէ ինծի»:
Օրիորդ Իրեն (Irene) ֆրանսացի էր ու կը բնակէր լիճի ֆրանսական ափին, ամէն օր հեծանիւով կ՛երթար Լոզան` ընկերութեան մը մէջ աշխատելու:
Շաբաթներ ետք Իրեն դարձեալ արկած մը կ՛ունենայ, կը հեռաձայնէ Գէորգին, որ կը հասնի օգնելու իրեն: Բազմաթիւ անգամներ իրարու հետ տեսակցելէ ետք կ՛ամուսնանան եւ կ՛ունենան երկու զաւակներ: Կ՛ապրին երջանիկ` մինչեւ Գէորգի մահը, որ կը պատահի 5 օգոստոս 2010-ին»:
Պուրճ Համուտ
2 դեկտեմբեր 2018