ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամետեարով համաձայնութիւն գոյացուցած են շարունակելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ աշխատանքները: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսուած է Միլանոյի մէջ երկու նախարարներու հանդիպումէն ետք կողմերուն հրապարակած միացեալ յայտարարութեան մէջ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները ողջունած են զինադուլի խախտման դէպքերուն եւ զոհերուն մասին լուրերու զգալի նուազումը Տուշանպէի մէջ ԱՊՀ երկիրներու վեհաժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու զրոյցէն ետք:
Համանախագահները դիմած են կողմերուն Տուշանպէի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները պահպանելու եւ երկու երկիրներու ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու շօշափելի քայլերու ձեռնարկելու խնդրանքով: Համանախագահները յոյս յայտնած են, որ մօտիկ ապագային կրնայ վերսկսիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ յստակ արդիւնքներու միտուած աշխուժ երկխօսութիւնը` տագնապի արդարացի եւ կայուն լուծման հասնելու համար:
Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները վերահաստատած են հետագայ լարուածութիւնը թուլացնելու եւ տագնապի լուծման հասնելու ուղղութեամբ աշխուժ աշխատանքները շարունակելու պատրաստակամութիւնը: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ անգամ մը եւս հանդիպելու 2019-ի սկիզբը:
Մնացականեան եւ Մամետեարով բարձր գնահատած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդական ջանքերը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գործունէութիւնը:



