Աշխատանքային այցելութեամբ Միլանօ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան 6 դեկտեմբերին մասնակցած է ԵԱՀԿ-ի նախարարական համաժողովին մասնակցող ՀԱՊԿ անդամ-պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին:
Արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակած են ԵԱՀԿ-ի նախարարական 25-րդ համաժողովի օրակարգային հարցերուն եւ անոնց վերաբերեալ դիրքորոշումներու համադրման շուրջ, անդրադարձած են համաժողովի ծիրին մէջ փոխադարձ գործակցութեան առնչուող հարցերու, ՀԱՊԿ անդամ-պետութիւններու առաջնահերթութիւններուն, անոնց նախաձեռնութիւններուն եւ անոնց` փոխադարձ սատարման:
Զոհրապ Մնացականեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է կառոյցի արդիւնաւէտութեան բարձրացման համար շարունակական քայլերու ձեռնարկումը` դաշնակցային համերաշխութեան սկզբունքներուն վրայ հիմնուած համագործակցութեան հետագայ զարգացման վերաբերող: Այդ առնչութեամբ Զոհրապ Մնացականեան բարձր գնահատած է ՀԱՊԿ-ի անդամ-պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու ղեկավարներուն հետ հանդիպումներու այս ձեւաչափը, ինչ որ նաեւ կարելիութիւն է անդրադառնալու կառոյցին առջեւ ծառացած խնդիրներուն, քննարկելու միջազգային հարթակներուն վրայ անդամ-պետութիւններու արտաքին քաղաքականութեան համադրման հարցեր:
Նախարարները անդրադարձած են նաեւ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի լիազօրութիւններու վաղաժամ դադրեցման հոլովոյթի նախաձեռնութեամբ ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ սկսած խորհրդակցութիւններու ընթացքին:



