Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան հիմնական նպատակն է ամրապնդել Հայաստանի անկախ պետականութիւնը: «Ամերիկայի ձայն»-ը կը հաղորդէ, որ այդ մասին Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ լսումներու ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու Լին Թրէյսի:
«Հայաստանի մէջ մեր քաղաքականութեան նպատակը կը մնայ անփոփոխ. ամրապնդումը անկախ, ժողովրդավար եւ բարգաւաճող Հայաստանի, որ խաղաղութեան մէջ կ՛ապրի իր դրացիներուն հետ: Եւ մենք կրկին կը հաստատենք մեր նուիրուածութիւնը գերիշխան Հայաստանին, որ ազատ է ընտրելու իր սեփական գործընկերները», յայտարարած է Թրէյսի:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանները կ՛առաջադրուին նախագահին կողմէ, սակայն կը հաստատուին Ծերակոյտին կողմէ: Պետական ոլորտին մէջ 24 տարուան աշխատանքի փորձառութիւն ունեցող Լին Թրէյսին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Ռուսիոյ հարցերով աւագ խորհրդականն էր: Ան նախապէս վարած է Ռուսիոյ եւ Թուրքմենիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխդեսպանի պաշտօնը, եղած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարի տեղակալ` Հարաւային եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն հարցով:
Իր խօսքին մէջ դիւանագէտը ընդգծած է, որ շատերու պէս ոգեւորուած էր Հայաստանի «Ժողովրդային շարժումով»` աւելցնելով, որ Հայաստանին տակաւին մեծ աշխատանք կը սպասէ` անցեալ վեց ամիսներու ձեռքբերումները ամրապնդելու համար: «Իսկ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակեն աջակցիլ հայ ժողովուրդի ազատութեան ձգտումին»:
Ծերակուտական Էտ Մրաքին հետաքրքրուած է, թէ հաշուի առնելով «Ժողովրդային շարժում»-ի արդիւնքները, արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդեօք կը նախատեսէ՞ աւելցնել Հայաստանի տրամադրուող օժանդակութեան չափը: Թրէյսիի համաձայն, Միացեալ Նահանգներ իրենց ջանքերը պիտի կեդրոնացնեն երեք ուղղութիւններով, որոնք կ՛օգնեն պահպանել ժողովրդավար հասարակութեան համար անհրաժեշտ հաւասարակշռութիւն եւ հաշուետուութիւն. «Փտածութեան դէմ պայքար, բան մը, որ այս նոր կառավարութիւնը նոյնպէս առաջնահերթութիւն նկատած է, եւ մենք կը փորձենք աջակցիլ անոնց այս ուղղութեամբ: Քաղաքացիական հասարակութեան ամրապնդում. այդ ձեւաւորուած հասարակութիւնը կարեւոր դեր խաղաց անցած իրադարձութիւններուն մէջ: Եւ` անկախ լրատուամիջոցներու աջակցութիւն»:
Ծերակուտական Պապ Մենենտեզ լսումներու ընթացքին յատուկ կերպով բարձրացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը, հարց մը, որ ըստ ծերակուտականին պէտք է պատմական լուծում ստանայ: Այս հարցին վերաբերեալ դեսպանի թեկնածուն նշած է. «1915 թուականի սարսափելի իրադարձութիւնները 20-րդ դարու վատագոյն դաժանութիւններէն էին, երբ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն մէկուկէս միլիոն հայ արտաքսուած, սպաննուած կամ մահուան ուղարկուած էր: Ինչպէս այս տարի նախագահ Թրամփ Հայերու յիշատակի օրուան ընթացքին ընդգծած էր, այդպիսի դաժանութիւնները պէտք չէ կրկնուին»:
Թրէյսի նշեց, որ հաստատման պարագային կը խոստանայ իր լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ ամէն ինչ ընել` «ճանչնալու եւ յարգելու կորուստները եւ տառապանքները», եւ պիտի մասնակցի զոհերու յիշատակի ձեռնարկներուն:
Ծերակուտական Մենենտեզի կարծիքով, սակայն, Ուաշինկթընի մօտեցումը պէտք է փոխուի: «Մենք ունինք պատմական իրականութիւն. մէկուկէս միլիոն մարդ սպաննուած է, ատիկա ցեղասպանութիւն է: Եւ ահա մենք դեսպանը կ՛ուղարկենք այդ երկիր, ան կ՛այցելէ հայ ժողովուրդի ողջակիզումի յուշարձանը, սակայն չի կրնար զայն ցեղասպանութիւն կոչել: Բաւական զաւեշտալի է: Եթէ մենք ի վիճակի չենք ճանչնալու անցեալը, մենք չենք կրնար ազատիլ անկէ: Մեզի անհրաժեշտ է փոխել այս իրավիճակը: Կարծես թէ` մենք չենք կրնար այդ բառը մեր շրթունքներով արտասանել. Հայոց ցեղասպանութիւն: Ահա թէ ինչ տեղի ունեցած է»:
Ծերակուտականները իրենց վերջնական կարծիքը պիտի արտայայտեն քուէարկութեամբ աւելի ուշ, երբ գրաւոր պատասխան ստանան նաեւ իրենց կողմէ ուղղուած շարք մը գրաւոր հարցումներուն:



