Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Դեկտեմբեր 5, 2018
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Եղիշէ Չարենցի Մահուան Տարելիցին Մշակութային Գործիչները Ծաղիկներ Զետեղեցին Բանաստեղծին Յուշահամալիրին

Հայ գրականութեան ականաւոր ներկայացուցիչ, մեծանուն բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի մահուան օրը` նոյեմբեր 27-ին, Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամները` գրողներ, գրականագէտներ, բանաստեղծներ, ինչպէս նաեւ Չարենցի անուան դպրոցի աշակերտներ յարգանքի տուրք մատուցեցին` ծաղիկներ զետեղելով Երեւանի մէջ գտնուող Չարենցի յուշահամալիրին առջեւ:

«Չարենցը ունի մարգարէական շատ մը խօսքեր, որոնցմով  մենք կ՛ապրինք այսօր: Ան մեզի ուժ տուող, մեզի հետ զրուցող մեծ բանաստեղծ էր: Մենք պէտք է կարդանք դասականները, ճանչնանք զանոնք: Եթէ կը փափաքինք հզօր պետութիւն դառնալ, նախ պէտք է իմանանք անցեալը,  ճիշդ ըմբռնենք ներկան, որպէսզի ապագայի համար լաւ հիմքեր ստեղծենք», նշեց Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը:

Ըստ անոր, այսպիսի պատգամներ ունի Եղիշէ Չարենց ո՛չ միայն իր բանաստեղծութիւններուն մէջ, այլեւ` հրաշալի «Երկիր Նայիրի» վէպին եւ յօդուածներուն մէջ: «Ամէն մեծ բանաստեղծ կը ձգէ ժառանգութիւն եւ մեծ սէր` մարդկութեան եւ աշխարհի համար», եզրափակեց Միլիտոնեանը:

Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն Կարօ Վարդանեանը ըսաւ, որ Չարենցի ծնունդը մեր ժողովուրդի եւ երկրին համար եղաւ բոլոր ժամանակներու մեծագոյն պարգեւներէն մէկը: «Անոր մահուան օրը դարձաւ մեր մեծագոյն կորուստներէն մէկը: Այսօր, առաւել քան երբեւէ, ունինք անոր կարիքը, որովհետեւ կան այն նոյն տագնապներն ու անհանգստութիւնը, որոնք ան ունէր հարիւր տարի առաջ: Կարծես թէ քիչ բան կը փոխուի կամ ընդհանրապէս բան չի փոխուիր միջավայրի անհանգստութեան առումով: Մէկ տարբերութեամբ միայն, որ այն ժամանակ մենք Չարենց ունէինք, մեծանուն արուեստագէտներ ունէինք: Ցաւօք, այսօր չկայ այնպիսի վիթխարի մեծութիւն, որուն խօսքը մենք կը լսենք, եւ կամ անոր խօսքը դառնայ հաւատի եւ յոյսի աղբիւր: Չարենցի բոլոր գործերուն մէջ կայ պատգամ, ամէն գործի մէջ կայ լուսաւոր ուղի մը», ընդգծեց ան:

Յիշեցնենք, որ հայ մեծանուն բանաստեղծ Եղիշէ Չարենց ծնած է 25 մարտ 1897-ին, Կարս, բազմազաւակ ընտանիքի մէջ: 1908-ին ընդունուած է Կարսի վարժարան, ուր դպրոցական «Գարուն» թերթին մէջ հրատարակուած են անոր բանաստեղծութիւնները: Ստանալով հնգամայ կրթութիւն` արդէն ձեւաւորուող բանաստեղծը իր գիտելիքները հարստացուցած է անդադար կարդալու միջոցով: 1914-ին Կարսի մէջ լոյս տեսած է գրողին «Չարենց» գրական կեղծանունով «Տխուր ու գունատ աղջկայ 3 երգերը®» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն:

Ե. Չարենց նաեւ կատարած է թարգմանութիւններ: Ան թարգմանած է Կէօթէի, Հայնէի, Հիւկոյի, Ուիթմենի, Վերհառնի, Ռիլկէի, Պուշկինի եւ ուրիշներու գործերէն, հանրակրթական դպրոցներու համար կազմած է դասագիրքեր, խմբագրած եւ հրատարակած է հայ բանահիւսութեան նմուշներ, հայ դասական եւ իր ժամանակակից գրողներու գիրքերը:

 Փաշինեան Հայաստանի Պետական Մրցանակ Կը Յանձնէ «Նեշընըլ Ինսթրումընց» Ընկերութեան Համահիմնադիր Ճէյմզ Թրուշարտին

Վերջերս տեղի ունեցաւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ոլորտին մէջ համաշխարհային ներդրման համար Հայաստանի պետական մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը մրցանակը յանձնած է «Նեշընըլ ինսթրումընց» ընկերութեան համահիմնադիր եւ նախագահ Ճէյմզ Թրուշարտին:

Ն. Փաշինեանը, այս առիթով ելոյթ ունենալով` ըսաւ. «Մեզի համար նոր արհեստագիտութիւնները պատմական կարելիութիւն ունին Հայաստանի մէջ իրականացնելու այն, ինչ որ մենք կը փափաքինք իրականացնել, այն է` տնտեսական յեղափոխութիւն: Անոնք նաեւ մարտահրաւէր են բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛ուզեն քայլել մարդկութեան յառաջընթացին համընթաց:

Հայաստանի եւ ընդհանրապէս ամբողջ հայութեան համար այս ոլորտը ունի ռազմավարական նշանակութիւն: Նախ եւ առաջ, ապրելով աշխարհաքաղաքական բարդ տարածաշրջանի մէջ, մեզի համար տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը այն անհատական կապն է, որ կ՛ապահովէ արտաքին աշխարհի հետ մեր անխափան հաղորդակցութիւնը, ինչո՞ւ չէ, նաեւ` մեր տնտեսական աճն ու զարգացումը: Տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտը այն սակաւաթիւներէն է, որոնց զարգացման համար անհրաժեշտ չեն նաւահանգիստներ, ելք դէպի ծով, հարուստ ընդերք:

Մենք ոչ միայն ուրախ ենք այդ նոր բացուող կարելիութիւններուն համար, այլեւ ամէն ջանք պիտի թափենք այդ կարելիութիւններէն առաւելագոյնս օգտուելու համար: Ճիշդ այդ է պատճառը, որ ես մեր նոր ձեւաւորուող կառավարութեան առաջնային հարցերէն կը համարեմ Հայաստանը գիւղատնտեսական, հանքարդիւնաբերական երկրէ արհեստագիտական երկրի վերածելը: Եւ բնաւ նկատի չունիմ գիւղատնտեսական եւ հանքարդիւնաբերութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու դադարեցումը: Ընդհակառակը, մենք պէտք է տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, նորարարական մօտեցումներու օգտագործմամբ զարգացնենք եւ նոր մակարդակի հասցնենք նաեւ մեր գիւղատնտեսութիւնը եւ հանքարդիւնաբերութիւնը:

Մենք պէտք է նորարական լուծումներով ո՛չ միայն դիւրացնենք համապատասխան ոլորտի մէջ եւ ընդհանրապէս բոլոր ոլորտներուն մէջ աշխատողներուն հոգը, այլեւ բարձրացնենք արտադրանքի որակն ու արդիւնաւէտութիւնը»:

Թրուշարտը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարին` բարձր գնահատանքին համար եւ ընդգծեց իր ղեկավարած ընկերութեան Հայաստանի մէջ ներկայութեան կարեւորութիւնը:

Թրուշարտ տուաւ մամլոյ ասուլիս, որուն մասնակցեցան` փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարարի պաշտօնակատար Յակոբ Արշակեանը, Հայաստանի Ճարտարագէտներու ընկերակցութեան խորհուրդի նախագահ Արամ Սալաթեանը, մրցանակաբաշխութեան հովանաւոր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը եւ «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան գործադիր տնօրէն, մրցանակաբաշխութեան կոմիտէի աշխատանքներու համակարգող Յովիկ Մուսայէլեանը:

«Մեծ պատիւ է գտնուիլ այստեղ եւ արժանանալ բարձր մրցանակի: Հայաստանը կարեւոր է ինծի համար նաեւ անոր համար, որ «Նեշընըլ ինսթրումենց»-ը այստեղ ունի բաւական ուժեղ խումբ: Ես բացայայտած եմ այն տաղանդը, որ կայ Հայաստանի մէջ, եւ ուրախ եմ, որ մեր ընկերութիւնը նոյնպէս կ՛օժանդակէ հայ ճարտարագէտներու` համաշխարհային արհեստագիտական տնտեսութեան մէջ համարկումին», մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսած է Թրուշարտը:

Կեանքէն Հեռացաւ Յայտնի Լուսանկարիչ Մարտին Շահբազեանը

Վերջերս, 78 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ յայտնի լուսանկարիչ, վաստակաւոր լրագրող Մարտին Շահբազեանը:

Մարտին Շահբազեանը 1976-էն մինչեւ 2001 աշխատած է «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան մէջ, ապա` իբրեւ Հայաստանի նախագահի լուսանկարիչ:

Ան բազմաթիւ անգամներ մասնակցած է միջազգային եւ այլ ցուցահանդէսներու, երեք անգամ ճանչցուած է «ԹԱՍՍ»-ի լաւագոյն լուսանկարիչ:

1988-ի Սպիտակի երկրաշարժի զոհերուն նուիրուած լուսանկարը արժանացած է «Ռոյթըրզ» գործակալութեան «Տարուան լաւագոյն լուսանկարը» մրցանակին:

«Օղակ»-ը Դարձաւ 3 Տարեկան

«Օղակ» հասարակական կազմակերպութեան հիմնադրութեան 3-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 23 նոյեմբեր 2018-ին, Երեւանի «Արմենիա Մարիոթ» պանդոկին մէջ:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Օղակ» կազմակերպութեան տնօրէն Սանան Գանտահարեանը, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն` իրենց հետեւողական քաջալերանքին համար, դիտել տալով, որ այսպիսի հաւաքներ եթէ մէկ կողմէ կազմակերպող կողմին համար որոշ հետեւողականութիւն կ՛ենթադրեն, միւս կողմէ` անոնք յատկանշական են նաեւ ընդառաջողներուն համար, որոնք միեւնոյն հետեւողականութեամբ կ՛ընդառաջեն «Օղակ»-ի հրաւէրներուն` քաջալերելով անոր բոլոր աշխատանքները:

Նախքան յայտագիրին գործադրութիւնը` «Օղակ»-ի բարերարներէն Էլիզապէթ Սիսեռեանը վիտէօ-երիզի մը միջոցով իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Ան նախ իր բանաւոր բացակայութեան պատճառը յայտնեց եւ ըսաւ, թէ որքա՜ն կը փափաքէր ներկայ գտնուիլ «Օղակ»-ի 3-րդ տարեդարձին, որ թէեւ տարիքով փոքր է, բայց մեծ է իր ծրագիրներով: Ան երկար, ուրախ եւ արդիւնաբեր տարիներ մաղթեց «Օղակ»-ին: Ապա տեղի ունեցաւ «Օղակ»-ի նպատակին եւ աշխատանքին մասին տեսերիզի ցուցադրութիւն, որմէ ետք Մարիամ Քափուճեանը ջութակով ներկայացուց ստեղծագործական կտոր մը: Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք խօսք առաւ «Օղակ»-ի անդամներէն Գայեանէ Համբարձումեանը, իսկ Նորք-Մարաշ վարչական շրջանի թաղապետարանին խօսքը արտասանեց Քրիսթինա Բաղդասարեանը:

«Օղակ»-ի հիմնադիր Վերա Սիսեռեանը բարի գալուստի իր խօսքէն ետք յայտնեց, որ «Օղակ»-ի 3-րդ տարեդարձին յատկացուած ձեռնարկը ունի հիմնական երեք նպատակ.

1.- Մօտէն ծանօթացնել «Օղակ»-ի գործունէութիւնը,
2.- Ներկայացնել «Օղակ»-ի ձեռային աշխատանքի եւ ազգային ասեղնագործութեան խմբակներու,  աշխատանքները,
3.- Շնորհակալութիւն յայտնել բարերարներուն եւ հովանաւորներուն` իրենց մարդանպաստ եւ ազգանպաստ աշխատանքին համար:

Վերա Սիսեռեանը ներկայացուց «Օղակ»-ին հիմնական առաքելութիւնը` հայ կնոջ հզօրացումի աշխատանքը, որ կ՛իրագործուի «Օղակ»-էն ներս տարբեր զբաղումներու կիրարկումով (դասախօսութիւններ, վարժանիստեր, այլազան զբաղումներ): Ան դիտել տուաւ, որ հայ կնոջ մտային, ֆիզիքական, բարոյական առողջութիւնը եւ անոր անհատական աճը, ինքնակառավարումը եւ արժեհամակարգի հաստատումը եւ ամրապնդումը կը հանդիսանան «Օղակ»-ին հիմնական նպատակակէտերը: Իսկ գործունէութեան ընթացքին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի միջեւ ստեղծուած կապը այն կարեւոր գործօնն է, որ իբրեւ ժողովուրդ` կը միացնէ, կը հզօրացնէ եւ իրարու կը շաղկապէ: Իր խօսքին վերջաւորութեան Վերա Սիսեռեանը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` իրենց ներկայութեան եւ «Օղակ»-ին նեցուկ կանգնելու համար եւ բարի վայելում մաղթեց:

 «Սարեանի Հետքերով» Ցուցահանդէսին Բազմաբովանդակ Աշխատանքներ Ներկայացուեցան

«Սարեան» արուեստի դպրոցին մէջ սորվող տարբեր տարիքի փոքրիկներ իրենց երեւակայական աշխարհը վառ գոյներով պատկերած էին հետաքրքրական  աշխատանքներու մէջ, որոնք ցուցադրուեցան «Սարեանի հետքերով» խորագրով ցուցահանդէսին:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ դեկտեմբեր 1-ին, Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ:

«Դուստրս հեքիաթ նկարած է: Սարեանն ալ ունի հեքիաթներու շարք: Փոքրիկները ուսուցման ընթացքին ծանօթացան հեքիաթներու եւ տպաւորուեցան անոնցմով: Արեւիկը ոգեշնչուած է նաեւ Սարեանի կտաւներէն եւ ստեղծած է իր հեքիաթը: Ան մէկ տարի է, որ կը յաճախէ այստեղ, եւ այս երկրորդ ցուցահանդէսն է, որուն կը մասնակցի: Կը կարծեմ, որ փոքրիկներուն երեւակայութեան զարգացման համար լաւ կարելիութիւն կը ստեղծէ», նշեց ցուցահանդէսի մասնակից Արեւիկ Անանեանի մայրը` Անուշ Մկրտչեանը, իսկ ութամեայ Արեւիկը ըսաւ, որ շատ կը հաւնի իր ընկերներուն ներկայացուցած աշխատանքները. թերեւս նկարչուհի դառնայ:

Ուսուցչուհի Լուսինէ Գասպարեանը իր կարգին հաղորդեց, որ կ՛իրականացուին նկարչական դասընթացքներ, կը կարդան դասախօսութիւններ` արուեստի պատմութենէն, կ՛ուսումնասիրեն  գեղանկարչութիւն, քանդակագործութիւն: Անդրադառնալով յառաջիկայ ծրագիրներուն` ան նշեց, որ տարբեր թանգարաններ այցելութիւններ կը նախատեսեն: «Պիտի երթանք ժամանակակից նկարիչներու եւ քանդակագործներու արուեստանոցներ եւ արուեստի բարձրագոյն հաստատութիւններ, պիտի ծանօթանանք գեղանկարչութեան, քոլաժի, գծանկարի գաղտնիքներուն», ընդգծեց Գասպարեանը:

Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Ռուզան Սարեանը փոքրիկները յորդորեց ստեղծագործել: «Կրնաք ամէն բան այնքան յստակ չնկարել, ինչպէս կը տեսնէք: Դուք ալ պէտք է ստեղծագործէք բնութիւնը` միջավայրին համահունչ: Չկայ երկու մարդ, որոնք նոյն բանը նոյն կէտէն միեւնոյն կերպով կը նկարեն, որովհետեւ ամէն մարդ ունի իր հոգին, սիրտը, ընկալումն ու զգացումները», շեշտեց ան:

Աւարտին, ցուցահանդէսի մասնակիցներուն շնորհակալագրեր յանձնուեցան:

Գիրքի Երեւանեան Երկրորդ Փառատօնին Կը Մասնակցին 30-է Աւելի Հրատարակչութիւններ

Գիրքի երեւանեան երկրորդ փառատօնի օրերուն, հայաստանեան հրատարակչութիւններու մասնակցութեամբ, տեղի պիտի ունենան գիրքերու ցուցահանդէս-տօնավաճառ, առաջին փառատօնի գրական մրցոյթին շահած, հաւաստագիր ստացած եւ այլ գիրքերու`  շնորհահանդէսներ,  ժամանակակից գրականութեան ընթերցումներ եւ համերգներ:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, «Լաւագոյնը` հայ ընթերցողին» խորագրով իրականացուող Գիրքի երեւանեան երկրորդ փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ դեկտեմբեր 1-ին, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան տան մէջ:

«Ի տարբերութիւն նախորդ տարուան` այս տարի փառատօնի ծիրին մէջ կը գործէ  ցուցահանդէս` նուիրուած նշանաւոր ճարտարապետ, գիրքի ձեւաւորող եւ տառաստեղծ Ֆրեդ Աֆրիկեանին: Փառատօնին մէջ ընդգրկուած է հրատարակչութիւն` Արցախէն», նշեց Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Վահէ Բուդումեանը:

Ան շեշտեց, որ Գիրքի երեւանեան փառատօնը այն բեմն է, ուր կը ստեղծուին գրական շատ կարեւոր կապեր. գրողները կը հանդիպին իրենց  ընթերցողներուն, հրատարակիչները` գրողներուն, եւ այդ շատ կարեւոր իրադարձութիւն է:  Բուդումեանի խօսքով, ատիկա այդ է փառատօնին փիլիսոփայութիւնը:

Փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Արմէն Սարգսեանը ընդգծեց, որ  միայն այս փառատօնի ծիրին մէջ է, որ ամէն հրատարակչութիւն կարելիութիւն կ՛ունենայ ներկայացնելու իր հայեցակարգը: «Ներգրաւուած են ինչպէս մեծ, այնպէս ալ փոքր հրատարակչութիւններ», աւելցուց ան:

«Գիրքի երեւանեան փառատօնին մէջ ներկայացուած են 30-է աւելի հրատարակչութիւններ: Կան նաեւ ամսագիրներու տաղաւարներ: Մեծ ցանկութիւն ունինք աւելի ընդլայնելու փառատօնին սահմանները, որպէսզի մասնակցին ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ եւ արտերկրի հրատարակչութիւնները», ըսաւ փառատօնի կազմակերպչական անձնակազմի անդամ, գրականագէտ Անի Յովնանը:

Ան շեշտեց, որ կը սպասուին Շարլ Ազնաւուրի բանաստեղծութիւններու ժողովածուի, Վահէ Արսէնի, Լեւոն Շահնուրի եւ այլ հեղինակներու գիրքերու շնորհահանդէսներ:

Դեկտեմբեր 2-ին, փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ «Գիրքի երեւանեան փառատօնի» ամէնամեայ գրական մրցանակաբաշխութիւնը` «Արձակ» եւ «Պոէզիա» անուանակարգերուն մէջ: Այս անուանակարգերուն մէջ փառատօնը ստացած էր 167 դիմումնագիր:

Փակման հանդիսաւոր արարողութեան ելոյթ ունեցան Լեւոն Մալխասեանը եւ «Մալխաս» ճազ նուագախումբը:

Վերանորոգուած Եւ Նոր Շունչ Ստացած Են Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահի Քանի Մը Սրահներ

Վեց ամիս տեւած դադարէ ետք  Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի վերանորոգուած սրահները իրենց դռները բացին արուեստասէրներու առաջ: Նորացուած մշտական ցուցադրութիւնը համալրուած է 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարու նշանաւոր արուեստագէտներու գործերով եւ կ՛ընդգրկէ մօտաւորապէս 200 գեղանկար, 36 քանդակ, տեքորաթիւ-կիրառական արուեստի 32 նմուշ: Իսկ ֆրանսահայ մեծանուն օֆորտիստ, տաղանդաշատ նկարիչ Էտկար Շահինի սրահի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը ուղեկցուեցաւ «Էտկար Շահին» պատկերագիրքի շնորհահանդէսով:

«Փոխած ենք լուսաւորութիւնը. տեղադրուած է լետ-լուսաւորութիւն, որ չի վնասեր  կտաւներուն, փակած ենք պատուհանները եւ դրած ենք ջերմախոնաւային համակարգ:

Մենք մեզի թոյլ տուինք  փոխելու ցուցադրութիւնը, աւելցուցինք կիրառական-տեքորաթիւ գործեր` աւելի գեղեցիկ եւ ներկայանալի դարձնելու համար ցուցադրութիւնը, պահոցներէն հանեցինք ցուցանմուշներ, որոնք շատոնց  չէին ցուցադրուեր: Պատրաստ ենք լսելու ե՛ւ դրական, ե՛ւ բացասական կարծիքներ, որոնք մեզի կ՛օգնեն աւելի լաւ աշխատելու», նշեց Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէն Արման Ծատուրեանը` շնորհակալութիւն յայտնելով այն մարդոց, որոնք աջակցեցան իրենց:

Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Վահէ Բուդումեանը յայտնեց, որ շատ ուրախ է: Հակառակ անձրեւոտ եւ մռայլ եղանակին`  արուեստասէրները այցելեցին պատկերասրահ` տեսնելու ո՛չ միայն վերազինուած սրահները, այլեւ` նորացուած ցուցադրութիւնը:

Հայ օֆորտի պատմութեան մէջ իր առանձնայատուկ տեղը ունի ֆրանսահայ գեղանկարիչ, օֆորտի բացառիկ վարպետ Էտկար Շահինը, որուն պատկերագիրքը հետաքրքրեց շատերը:

Ստեղծագործական ասպարէզ մտնելով Ֆրանսայի մէջ 19-րդ դարու 90-ական թուականներու կէսերուն` Շահինը իր կեանքի ընթացքին կրցաւ հասնիլ համաեւրոպական ճանաչման: Կէսդարեան բեղմնաւոր գործունէութեան ընթացքին ան ստեղծեց քանի մը հարիւր բարձրարուեստ օֆորտներ, որոնք հարստացուցին ո՛չ միայն Ֆրանսան, այլեւ` հայկական իրապաշտական կրաֆիքան:

Շահինի արուեստին մէջ մեծ տեղ կը զբաղեցնեն Փարիզի արուարձաններուն մէջ կեանքի յատակին մէջ յայտնուած «փոքր մարդիկ»` մուրացկանները, թափառաշրջիկները: Զայն հրապուրած են նաեւ կրկէսի, ժողովրդական տօնավաճառներու, շրջիկ թատրոններու եւ պարահանդէսներու նիւթերը: Մեծ թիւ կը կազմեն բռնցքամարտիկներու լարախաղացներու նուիրուած պատկերները: Էտկար Շահինը ո՛չ միայն մարդկային տառապանքներու, այլեւ վայելչութեան եւ պերճաշուք հասարակութեան զուարթ կեանքի նկարիչն էր:

Նշենք, որ արուեստագէտը տարիներու ընթացքին կատարելագործած է իր արուեստը տարբեր թեքնիքներով` օֆորտ, աքուաթինթա, փափուկ լաք, սակայն վերջնական  նախապատուութիւնը տուած է չոր ասեղին:

 

Նախորդը

Նամականի

Յաջորդը

Ընտրութիւններուն Հանդուրժուող Ատելութեան Խօսքը` Ազատութեան Մահն Է

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?