«Տը Միրըր» հաղորդեց, թէ Հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը որոշեց «Լիպերթատորես» բաժակի մրցաշարքին աւարտականի դարձի ճակատումը չկայացնել Արժանթինի մէջ:
Պոքա Ժունիորզի եւ Ռիվըր Փլէյթի երթի մրցումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով:
Դարձի մրցումը, որ Արժանթինի մէջ պիտի կատարուէր նախորդ 23 նոյեմբերին, չկատարուեցաւ, որովհետեւ Պոքա Ժունիորզի մարզիկները տեղափոխող փոխադրակառքին վրայ արժանթինեան խումբին համակիրները յարձակում մը կատարեցին:
Որոշուեցաւ մրցումը կայացնել 8 կամ 9 դեկտեմբերին` Փարակուէյի մէջ:



