Տորթմունտի դատարանը 14 տարուան բանտարկութեան վճիռ արձակեց գերմանական եւ ռուսական քաղաքացիութիւն ունեցող Սերկէյ Վեներկոլտիի դէմ, որ 11 ապրիլ 2017-ին ձեռքով պատրաստուած 3 ռումբ պայթեցուցած էր Պորուսիա Տորթմունտի փոխադրակառքին մօտ:
Գերմանական դատարանը սկզբունքով կ՛ուզէր ցմահ բանտարկութեան վճիռ արձակել անոր դէմ:
Վեներկոլտի ընդունեց իր մեղաւոր ըլլալը, բայց նշեց, որ ինք երբեք մտադրութիւն չունէր որեւէ մարզիկի սպաննել:
Ան պարզապէս նպատակ ունէր ձեռք ձգել Պորուսիա Տորթմունտի բաժնետոմսերը: Ան նախապէս արդէն իսկ ձեռք ձգած էր 78 հազար եւրօ արժողութեամբ բաժնետոմսեր:



