«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով երէկ տեղի ունեցան հինգ մրցումներ:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրն էր Տենվըր Նակեթցին, կրեց տարեշրջանի իր 9-րդ պարտութիւնը` 117-85 արդիւնքով:
Այլ մրցումի մը ընթացքին, Տիթրոյիթ Փիսթընզ 115-108 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Եորք Նիքսին:
Աթլանթա Հոքս 2 կէտի տարբերութեամբ` 115-113 արդիւնքով յաղթեց Մայեմի Հիթին:
Մեմֆիս Կրիզլիզ իր դաշտին վրայ պարտուեցաւ Թորոնթօ Ռեփթըրզէն (122-114), իսկ վերջին մրցումին, Ինտիանա Փէյսըրզ 109-104 արդիւնքով յաղթեց Ֆէոնիքս Սանզին:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Շարլոթ Հոռնեթց – Աթլանթա Հոքս
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Նիւ Եորք Նիքս
Պրուքլին Նեթց – Եութա Ճեզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Տալաս Մավըրիքս
Միլուոքի Պաքս – Շիքակօ Պուլզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Նիւ Օրլինզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Օքլահոմա Սիթի – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Օրլանտօ Մեճիք
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ


