Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնայի եւ աշխարհի ախոյեան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ մտադիր չէ մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ժամանակ հեռանալ Պարսելոնայէն, այս մասին կը յայտնէ «Մունտօ Տեփորթիւօ»:
21 տարեկան Տեմպելէ, որ 2017-ի ամրան ընթացքին Պորուսիա Տորթմունտէն միացաւ Պարսային` փոխան 105 միլիոն եւրոյի, Սպանիոյ ընթացիկ ախոյեանութեան գծով կատարած է 12 մրցում` նշանակելով 5 կոլ եւ 1 էսիսթ:



