Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան. «Մեր Քաղաքականութիւնը Ոչ Թէ Աշխատունակ Մարդուն Նպաստ Տալ Է, Այլ Այդ Օգնութիւնը Աւելի Թիրախային Տրամադրելը»

November 14, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Ազգային ժողովի հերթական նիստին վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան կրկին նշած է, որ 2019-ի պիւտճէն թոյլ է, որովհետեւ հիմնուած է յարաչափերու վրայ, որոնք փոխանցուած են նախորդ իշխանութենէն: Ան շեշտած է, որ իրենց պիւտճէական քաղաքականութեան մէջ տեղի ունեցած են շրջադարձային փոփոխութիւններ, եւ զայն կարելի է կոչել աշխատանքը քաջալերելու քաղաքականութիւն, որուն հիմքը աշխատանքը խրախուսելն է:

Անոր համաձայն, մինչեւ օրս ընդունուած էր, որ երբ տնտեսական աճի մասին խօսուէր, ակնկալութիւն կար, որ տեղէ մը խորհրդաւոր մարդիկ գային եւ զարգացնէին երկիրը, իսկ կառավարութիւնն ալ անոնց հետ կապ հաստատելով զբաղէր: «Մեզի համար կարեւոր է, որ Հայաստանի տնտեսական աճի կառուցուածքը փոխուի այնպէս, որ անիկա ըլլար ներառող: Այս կը նշանակէ, որ մեր քաղաքական եւ տնտեսական խնդիրն է` իւրաքանչիւր անհատի համար ստեղծել տնտեսական գործունէութեամբ զբաղելու իսկական կարելիութիւն», ըսած է վարչապետը` դիտել տալով, որ իրենք քաղաքական մակարդակի վրայ այդ հարցը լուծած են, որովհետեւ Հայաստանի մէջ չկան մենաշնորհներ, տնտեսական գործունէութեան սահմանափակումներ, ներմուծման եւ արտածման արգելքներ:

Փաշինեան բացատրած է, որ այս նպատակի իրագործման համար արդէն իսկ տնտեսական որոշ նախապայմաններ ապահովուած են, նաեւ աշխատանքը կը շարունակուի այս ուղղութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ փոքր գործարարութիւններուն եւս տեղ տալ` զանոնք տուրքերէ զերծ կացուցելով: «Այն մարդիկը, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն 20-24 միլիոն դրամի սահմաններուն մէջ, ոչ մէկ տուրք պիտի վճարեն: Ի հարկէ, որոշ սահմանափակումներ պիտի ըլլան, նաեւ` սահմաններու ճշդման խնդիր: Այդպիսով պիտի փորձենք  մարզերուն մէջ խրախուսել տնտեսական գործունէութիւնը: Փոքր գործարարութիւններով կը փորձենք օժանդակել մարդոց, որպէսզի անոնք կարենան արժանապատիւ կերպով վաստկիլ իրենց հացը», բացատրած է ան: Վարչապետի պաշտօնակատարը տեղեկացուցած է, որ փոքր գործարարութիւններուն համար եկամտահարկը պիտի ըլլայ ոչ թէ 23 առ հարիւր, այլ 5000 դրամ:

Ըստ անոր, յաջորդ հարցը, զոր կը լուծէ ու կը խրախուսէ աշխատանքը, եկամտահարկի համահարթեցման նախագիծն է, որ 36-էն նուազելով պիտի դառնայ 23 տոկոս: «Այսպիսով կը խրախուսենք բարձր աշխատավարձերով նոր աշխատատեղիներ ստեղծելու կարելիութիւնը: Այս եւ միւս փոփոխութիւններով յաւելեալ մօտ 50 միլիառ դրամ կը ներգրաւենք տնտեսութեան մէջ: Ասիկա կը նշանակէ նաեւ աշխատավարձերու որոշ բարձրացում: Եթէ եկամտահարկը նուազի, ուրեմն աշխատավարձը կ՛աւելնայ», ըսած է Փաշինեան:

Վարչապետի պաշտօնակատարին համաձայն, յաջորդ կարեւոր որոշումը կը վերաբերի անձնական թաքսիները արտօնագրային վճարումներէ զերծ կացուցելուն: «Այս որոշումին շահառուները, փորձագիտական գնահատականներով, մօտ 50 հազար հոգի են: Այդպիսով Երեւանի մէջ անհատ թաքսի վարողներուն աշխատավարձը կը բարձրանայ 12 հազար դրամով, իսկ մարզերուն մէջ` 8 հազար դրամով», ընդգծած է Փաշինեան:

Ան անդրադարձած է այն երեւոյթին, որ իրենց քաղաքականութիւնը ուղղուած է ոչ թէ աշխատունակ անձին նպաստ տալուն, այլ օգնութիւնը աւելի թիրախային դարձնելուն: Ան շեշտած է, որ օգնութիւնը պէտք է տալ հասցէական` թոշակառու մարդուն, երեխային, որպէսզի իսկապէս օգնեն այդ ընտանիքին, եւ ոչ թէ այդ ընտանիքը դատապարտեն աղքատութեան: «Մեր կառավարութեան քաղաքականութիւնը պիտի ըլլայ աշխատանքի խրախուսումը, քաղաքացիները պիտի քաջալերենք, որ անոնք ոտքի ելլեն, հաւատան իրենց ուժերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ արդիւնքի հասնիլ: Մենք մեր քաղաքացիներուն կոչ պէտք է ուղղենք, որ իրենց աղքատութեան եւ յուսահատ վիճակին հետ չհամակերպին եւ ձեռնարկեն յստակ քայլերու` այդ վիճակի յաղթահարման համար», յայտարարած է ան:

Նիկոլ Փաշինեան աւելցուցած է, որ ասոր զուգահեռ 2019-ի պիւտճէով ընկերային լուրջ ծրագիրներ կը մշակուին, որպէսզի կարելի ըլլայ հաստատել, որ Հայաստանի 85 հազար նպաստառուները պիտի ստանան այնքան թոշակ, որ իրենց հացը եւ սնունդը գնելու կարելիութիւն ունենան:

 

Նախորդը

Ռուստամեան. «Այլեւս Պիտի Չըլլանք Այն Համաձայնական Դաշինքներուն Մէջ, Ուր Առանց Դաշնակցութեան Կրնան Որոշումներ Ընդունիլ»

Յաջորդը

Ասիոյ 23 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Զտումի Մրցաշարք. Լիբանան Մաս Կազմեց Դ. Խմբակին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.