Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ ժողովուրդը միշտ ալ կարիքը ունի Դաշնակցութեան, որպէսզի առնուազն զերծ պահէ երկիրը անորոշ ապագայէն, ցնցումներէն:
«Այսօր ապագային նկատմամբ անորոշութիւնը շատ մեծ է, եւ ազգային արժէքներու պահպանման իմաստով Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը մեծ է: Ես ըսած եմ` Դաշնակցութեան գոյութիւնը պայմանաւորուած պիտի չըլլայ այս ընտրութիւններուն արդիւնքներով: Դաշնակցութիւնը, անկախ ամէն բանէ, եղած է, կայ ու պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ, այնքան ատեն որ այս ազգային խնդիրները չեն լուծուած: Միւս կուսակցութիւնները պէտք է մտածեն, որ եթէ յանկարծ իշխանութիւնը կորսնցնեն, պիտի շարունակե՞ն գոյատեւել, իսկ եթէ ընտրութիւններուն ձախողին, պիտի մնա՞ն: Դաշնակցութիւնը նման խնդիր չունի», շեշտած է ան:
Ռուստամեան ըսած է, թէ կան մարդիկ, որոնք տակաւին ազդուած են 70 տարիներու հակադաշնակցական քարոզչութենէն: «Դաշնակցութիւնը ներկայացուած է իբրեւ դաւաճան, իբրեւ հողեր տուող եւ այլն: Ինչ ուզէք, ըսած են: Այնպիսի մթնոլորտ ստեղծած են Դաշնակցութեան շուրջ, որ մարդոց հետ կը խօսիմ ու կը զարմանամ, որ անոնք այդ ազդեցութեան տակ են դեռ»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այդ անվստահութիւնը ՀՅԴ-ի քայլերուն պատճառով չէ՞` Ռուստամեան ըսած է. «Որեւէ կուսակցութիւն, թէկուզ 128 օրուան ըլլայ, տեսէք, թէ քանի սխալ թոյլ կու տայ: Դաշնակցութիւնը 128 տարի գործած է: Ի հարկէ, եղած են նաեւ սխալներ»:
Ըստ անոր, հիմնական սխալներէն մէկը այն է, որ Դաշնակցութիւնը համաձայնական դաշինք կազմած է եւ հոն վճռորոշ ձայն չէ ունեցած: «Կարելի չէր կազմել համաձայնական դաշինք, ուր կրնան առանց քեզի որոշումներ կայացնել: Այդ պատճառով ալ մենք չենք կրցած լիարժէք կերպով լուծել մեր առջեւ դրուած խնդիրները: Հիմա այդպիսի բան պիտի չկրկնուի», վստահեցուցած է Ռուստամեան:
Լրագրող մը հարցուցած է, թէ արդեօք ան վերջին համաձայնական կառավարութի՞ւն նկատի ունի` Ռուստամեան պատասխանած է` բոլորը: «Վերջինը քիչ մը տրամաբանութիւն ունէր: 3/5-ի պահանջ կար, առանց մեզի չէին կրնար ձեւաւորել այդ 3/5-ը: Երբ սահմանադրական օրէնքներ պիտի փոխուէին, այդ ժամանակ առանց ՀՅԴ-ին չէին կրնար, հոն դերակատարութիւն կար: Բայց մնացած հարցերուն մէջ դերակատարութիւնը եղած է ՀՀԿ-ինը, մեր դերը վճռորոշ չէ եղած», ըսած է պատգամաւորը եւ աւելցուցած, որ եթէ իրենք վճռական ձայնի իրաւունք պիտի չունենան եւ առանց իրենց կարելի պիտի ըլլայ որոշումներ կայացնել, այդպիսի համաձայնական դաշինքներու, միութիւններու մէջ պիտի չմտնեն:
ՀՅԴ-ի նախընտրական ցանկերը ամբողջութեամբ պիտի հրապարակուին 14 նոյեմբերին, ըսած է Արմէն Ռուստամեան: «Հիմնականին մէջ վարկանշային ցանկերը կը դժուարացնեն ցանկին կազմումը, որովհետեւ որոշման իրաւունքը կը պատկանի եւ նախապատուութիւնն ալ կը տրուի մեր տեղական մարմիններուն, եւ անոնք թեկնածուներ պիտի առաջադրեն»:
Ռուստամեան հերքած է շրջան ընող այն լուրերը, թէ ցանկի առաջին դիրքին համար իր եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի միջեւ պայքար կայ: «Երբեք մեր միջեւ պայքար չէ եղած: Գիտէք` մեր կուսակցութիւնը շատ լուրջ, ծանր ու թեթեւ կ՛ընէ ամէն ինչ, բայց որոշումը կը տրուի համախոհութեամբ, եւ ցանկը պիտի ըլլայ համախոհութեամբ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ քննարկումները կը կատարուին այնպէս, որ ցանկը ամբողջ կառոյցին համար ընդունելի ըլլայ:
Անդրադառնալով ՀՀԿ-ի այն պնդումին, որ անիկա միակ ընդդիմութիւնը պիտի ըլլայ` Ռուստամեան ըսած է, թէ ընտրութիւններուն ընթացքին ըսել, թէ ո՛վ է ընդդիմադիր, ով` ոչ, ճիշդ չէ, քանի որ ընդդիմութիւնը կարելի է ձեւաւորել միայն իշխանութեան ձեւաւորումէն ետք:
Ռուստամեան ընդգծած է, որ Դաշնակցութիւնը իր քաղաքական ուղիէն երբեք չէ շեղած եւ ունի իր ընտրազանգուածը: «Դաշնակցութիւնը ի՛նչ խնդիրներ ալ որ առաջադրած է, նուազագոյնով հասած է առաւելագոյնին», յայտնած է ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ մտավախութիւն չունի՞, որ այլ քաղաքական ուժեր կարենան իրենց ընտրազանգուածը գրաւել, հաշուի առնելով, որ անոնց մտածելակերպը մօտ է Դաշնակցութեան, օրինակ` «Սասնայ ծռեր»-ը, Ռուստամեան ըսած է. «Բացի ծիներով հակադաշնակցականներէն, բոլորը խորքին մէջ մօտ են Դաշնակցութեան գաղափարներուն: Չկայ այնպիսի բան, որ ազգը, պետութիւնը իրենց երազած երկիրը պատկերացնեն ու չգան ազատ, անկախ Հայաստանի գաղափարին: Ի վերջոյ, մենք հանրապետութիւն ստեղծած ենք զերոյէն, երրորդ հանրապետութեան հիմերուն մէջ եղած ենք: Կը կարծեմ, թէ արդէն չորրորդին մէջ ենք: Այս բոլորը արդիւնք է Դաշնակցութեան գործունէութեան եւ ազգային ուժերու նուիրուածութեան ու համախմբման: Այս առումով բնական է, որ մենք այս դաշտին մէջ պէտք է ունենանք համակիրներ»:
Ռուստամեան հաստատած է, որ իւրաքանչիւր անձ ի՛նք կ՛որոշէ, թէ իր քուէն որո՛ւ պիտի տայ, բայց Դաշնակցութիւնը մնացեալէն կը տարբերի անով, որ կայացած եւ համահայկական կուսակցութիւն է:



