Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զոհրապ Մնացականեան Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Շուէտի, Ֆինլանտայի Եւ Դանիոյ Դեսպանները

November 7, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 6 նոյեմբերին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Շուէտի դեսպան Ուլրիք Թիտեսդրոմը (նստավայրը` Թիֆլիս), Ֆինլանտայի դեսպան Արիա Մաքքոնենը (նստավայրը` Հելսինքի) եւ Դանիոյ դեսպան Ռուպեն Մատսենը (նստավայրը` Քիեւ):

Ողջունելով հիւրերը` նախարարի պաշտօնակատար Մնացականեան նշեց, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կու տայ շրջանի երկիրներուն հետ գործընկերային յարաբերութիւններուն` վերահաստատելով հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը գործնական քայլեր ձեռնարկելու Շուէտի, Ֆինլանտայի եւ Դանիոյ հետ համագործակցութեան առկայ ներուժը աւելի արդիւնաւէտ օգտագործելու ուղղութեամբ` յատկապէս Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրով ընձեռուած կարելիութիւններու շրջագիծին մէջ:

Իբրեւ երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ փոխադարձ գործակցութեան օրակարգի առաջնային ուղղութիւններ` կողմերը  ընդգծեցին յատկապէս նորարարութեան, բարձր արհեստագիտութիւններու եւ ստեղծագործ կրթութեան մարզերը:

Անդրադառնալով Հայաստանի ներքաղաքական վերջին զարգացումներուն` Զոհրապ Մնացականեան ընդգծեց կառավարութեան յանձնառութիւնը` շարունակել բարեփոխումներու հոլովոյթը` ուղղուած փտածութեան դէմ պայքարին, արդարադատութեան համակարգի ամրապնդման, ընկերային-տնտեսական մարզին մէջ իրաւահաւասարութեան երաշխաւորման: Արտաքին գործոց  նախարարի պաշտօնակատարը ներկայացուց արտահերթ ընտրութիւնները միջազգային չափանիշներու համապատասխան կազմակերպելու նպատակով Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ  ձեռնարկուող քայլերը` այս հոլովոյթին մէջ կարեւոր նկատելով գործընկեր երկիրներու աջակցութիւնը եւ համագործակցութիւնը:

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը եւ դեսպանները միտքեր փոխանակեցին միջազգային եւ շրջանային հրատապ խնդիրներուն, Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ:

Զոհրապ Մնացականեան ներկայացուց ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի դիրքորոշումը եւ մօտեցումները` վերահաստատելով հայկական կողմի յանձնառութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման:

Նախորդը

Շանթ Յարութիւնեան Ազատ Արձակուեցաւ

Յաջորդը

Դաւիթ Տօնոյեան. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Կը Գործէ Երկկողմանի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն»

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.