Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Տօնոյեան. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Կը Գործէ Երկկողմանի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն»

November 7, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ  Տուշանպէի պայմանաւորուածութիւններէն ետք սահմանային լարուածութիւնը նուազած է: Ան նշած է, որ այդ պայմանաւորուածութիւններէն ետք երկու երկիրներուն միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն կայ: «Շարժի, գործողութիւններու, ճարտարապետական աշխատանքներու պարագային կ՛ահազանգենք անոնց, իսկ անոնք կը դադրեցնեն գործողութիւնը: Նոյնն ալ` իրենք: Այդ կապը երկկողմանի է», դիտել տուած է Տօնոյեան:

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ անմիջական կապ չկայ:

«Հաքին»-ը այս գծով դիմած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարին` տուեալ յայտարարութիւնը մեկնաբանելու համար: Ան ըսած է, թէ կապը նախարարութիւններուն միջեւ չէ, Տուշանպէի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, ընտրուած է պատասխանատու անձ, որ պէտք է կապ հաստատէ Հայաստանի հետ` շփման գիծին մէջ իրավիճակին առնչութեամբ, սակայն տուեալ անձը Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան աշխատակիցը չէ:

Միւս կողմէ անդրադառնալով Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղարին վերաբերեալ ստեղծուած իրավիճակին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան յայտնած է, որ, նկատի ունենալով այն, թէ մինչեւ 2020 Հայաստանին կը պատկանի պաշտօնավարութիւնը, որոշումը պիտի կայացուի յառաջիկայ երկու օրերուն եւ պիտի հրապարակուի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այդ որոշումը արդեօք ի նպաստ Հայաստանի պիտի ըլլա՞յ, ան ըսած է. «Ես այդպէս չէի ձեւակերպեր` յօգուտ ինչ-որ մէկուն: ՀԱՊԿ-ի մէջ կան իրաւական չափանիշներ: Պէտք է որոշում տրուի երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ: Այս փուլին մեր հերթն է»:

Տօնոյեան չէ բացառած, որ ըլլան քաղաքական որոշ պայմանաւորուածութիւններ` խորհուրդ տալով երկու օր ալ սպասել, բայց եւ այնպէս աւելցնելով, որ «սկզբունքային մօտեցումս այն է, որ Հայաստան պէտք է շարունակէ իր պաշտօնավարութիւնը»:

 

Նախորդը

Զոհրապ Մնացականեան Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Շուէտի, Ֆինլանտայի Եւ Դանիոյ Դեսպանները

Յաջորդը

Պաշտօնական Երեւանը Ուշադրութեամբ Կը Հետեւի Իրանի Շուրջ Զարգացումներուն

RelatedPosts

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն  Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական  Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»
Հայկական

Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.