6 նոյեմբերէն ուժի մէջ մտաւ համաներման մասին օրէնքը, որ կը տարածուի անազատութեան մէջ գտնուող շուրջ 700 անձի վրայ:
Այս ծիրին մէջ 6 նոյեմբերին «Վարդաշէն» քրէակատարողական հիմնարկէն ազատ արձակուեցաւ «Ցեղակրօն» կուսակցութեան ղեկավար Շանթ Յարութիւնեան:
Շանթ Յարութիւնեան 6 տարուան ազատազրկման դատապարտուած էր` 2013-ին Մաշտոցի պողոտային վրայ ոստիկաններու հետ բախումներու պատճառով: 2014-ին զայն ազատազրկման դատապարտած է քաղաքական գործեր քննող դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեան: Յարութիւնեան կը հրաժարէր պայմանական վաղաժամկէտ ազատ արձակուելէն: Ան կը պնդէր, թէ քաղաքական բանտարկեալ է եւ պէտք է արդարացուի:



