Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զոհրաբ Մնացականեան. «Հայաստանը Կարեւոր Կը Նկատէ Անվտանգութեան Եւ Խաղաղութեան Մթնոլորտի Ձեւաւորումը»

Հոկտեմբեր 23, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ 22 հոկտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրաբ Մնացականեան ընդունեց ԵԱՀԿ գործող նախագահի Հարաւային Կովկասի հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Ռուտոլֆ Միխալքան:

Ողջունելով հիւրը` Զոհրաբ Մնացականեան շնորհաւորեց Ռուտոլֆ Միխալքան այս պատասխանատու պաշտօնին վրայ նշանակուելուն  առիթով  եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր` իր առաքելութեան մէջ:

Ռուտոլֆ Միխալքան ներկայացուց Հարաւային Կովկասի հարցերու յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնին վերաբերող իր օրակարգն ու նախատեսուող քայլերը:

Կողմերը անդրադարձ կատարեցին շրջանին մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն, միտքեր փոխանակեցին յատուկ ներկայացուցիչի գրասենեակին հետ համագործակցութեան հեռանկարներու շուրջ:

Զրուցակիցին խնդրանքով, նախարարի պաշտօնակատար Մնացականեան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին ներքաղաքական զարգացումներուն` ընդգծելով, որ ժողովուրդի լայն դիմումի հիման վրայ  կառավարութիւնը կը շարունակէ բարեփոխումներու գործընթացը` ուղղուած փտածութեան դէմ պայքարին, օրէնքի գերակայութեան եւ արդարադատութեան ամրապնդման, ընկերային եւ տնտեսական մարզերուն մէջ հաւասար պայմաններու ապահովման: Ան վերահաստատեց արտակարգ ընտրութիւնները միջազգային չափանիշներու համապատասխան կազմակերպելու Հայաստանի իշխանութիւններու յանձնառութիւնը: Այս առումով ան կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի եւ միջազգային այլ կառոյցներու հետ համագործակցութիւնը:

Ներկայացնելով ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման  ուղղութեամբ Հայաստանի դիրքորոշումը եւ մօտեցումները` նախարարի պաշտօնակատար Մնացականեան վերահաստատեց հայկական կողմին յանձնառութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման:

Այս առումով նախարար Զոհրաբ Մնացականեան ընդգծեց, որ Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը` շեշտելով, որ մեր միջազգային գործընկերները պէտք է ձեռնպահ մնան բոլոր այն գործողութիւններէն, որոնք կը յանգեցնեն շրջանին մէջ սպառազինութիւններու մրցավազքին եւ կ՛աւելցնեն անկայունութեան վտանգները:

Նախորդը

Ըստ Հակահայ Թրքական Միութեան Նախագահին. Ազրպէյճանի Մէջ Տակաւին 35 Հազար Հայ Կայ

Յաջորդը

Արմէն Ռուստամեանը` Արտակ Զէյնալեանին. «Իբրեւ Նախարար Ճի՞շդ Կը Նկատէք, Որ Ընտրական Օրէնսգիրքի Նախագիծը 24 Ժամուան Մէջ Ընդունուի»

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Հայկական

Ցաւակցագիր

Հոկտեմբեր 26, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?