Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Հակահայ Թրքական Միութեան Նախագահին. Ազրպէյճանի Մէջ Տակաւին 35 Հազար Հայ Կայ

October 23, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն» (ԱՍԻՄՏԷՐ) կառոյցի նախագահ Կէօքսէլ Կիւլպէյ յայտարարեց, թէ Ազրպէյճանի մէջ ներկայիս կ՛ապրին 35 հազար հայեր: Այս մասին կը հաղորդէ «Մարմարա»-ն:

Ըստ անոր, մինչեւ 1992-ի ղարաբաղեան պատերազմը, այնքան ատեն որ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը չէին անկախացած, հարիւրաւոր խառն ամուսնութիւններ եղած էին:

«1992-ին, երբ Ռուսիոյ աջակցութեամբ հայկական բանակն ու կամաւոր ուժերը Ղարաբաղը գրաւեցին, կոտորածներ կատարեցին, երկու ժողովուրդներուն միջեւ պառակտումներ եղան», ըսաւ ան:

Կիւլպէյի կարծիքով, Ազրպէյճան բնակող հայերը վերադարձան իրենց հայրենիքը` Հայաստան, սակայն այն հայ կիները, որոնք ամուսնացած էին ազերիներու հետ եւ անոնցմէ զաւակներ ունէին, շարունակեցին ապրիլ Ազրպէյճանի մէջ: Ներկայիս անոնք կը շարունակեն ապրիլ հոն:

ԱՍԻՄՏԷՐ-ի նախագահը վկայակոչելով վիճակագրական կարգ մը ուսումնասիրութիւններէ քաղուած տուեալներ, նշեց, թէ այդ հայերուն թիւը կը հասնի 35 հազարի: Ան դիտել տուաւ, որ մօր կողմէ հայ երեխաները պետական համակարգի մէջ պաշտօններ կը վարեն: Կիւլպէյ Ազրպէյճանի ուշադրութիւնը հրաւիրեց այս հանգամանքի վրայ եւ շեշտեց, որ Ազրպէյճան ուշադիր պէտք է ըլլայ, որպէսզի այդպիսի ընտանիքներու զաւակները պետական համակարգի մէջ գործ չունենան:

Ան ըսաւ, որ նոյն իրավիճակը կայ նաեւ Թուրքիոյ մէջ: Կիւլպէյի պնդումով ու համոզումով, Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին 100 հազար հայեր, որոնցմէ զատ կան նաեւ 70 հազար հայաստանցիներ` իբրեւ գաղթական: Մասնաւորաբար հայաստանցի կիները գումարի դիմաց կը խնամեն թուրքերու զաւակները:

«Մենք մեր բարեկամներէն կը տեղեկանանք, որ հայու արիւն կրող երեխաներ Վրաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ կը հանդիպին իրենց հայ հարազատներուն հետ», նշած է Կիւլպէյ:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Եւ Ասորիներու Լիկան Հրապարակեցին Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը` Պահանջելով Ճիշդ Ներկայացուցչութիւն

Յաջորդը

Զոհրաբ Մնացականեան. «Հայաստանը Կարեւոր Կը Նկատէ Անվտանգութեան Եւ Խաղաղութեան Մթնոլորտի Ձեւաւորումը»

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.