ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Վերապահ եղէք: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի փոխուի: Կարօտ մը կը զգաք անցեալին հանդէպ: Կարիքը ունիք գուրգուրանքի եւ հոգատարութեան, զորս կը փնտռէք ամէն տեղ: Յառաջիկայ երկու օրերը ամսուան լաւ օրերէն են զգացական եւ աշխատանքային գետնի վրայ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Իրարանցում պիտի զգաք զգացական գետնի վրայ: Անցեալը պիտի մտցնէք ներկայի մէջ: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է: Հարց մը պիտի լուծէք եւ ցաւերէն վեր պիտի ելլէք: Ձեր ընկերային կեանքը շատ լաւ վիճակի մէջ կ՛երեւի: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Դիւրութեամբ պիտի վարուիք ձեր ճնշումներուն հետ: Մի՛ վիճաբանիք ձեր ընկերոջ հետ: Հին ձեւեր պիտի որդեգրէք հաշիւներ կատարելու մէջ: Ճկուն պէտք է ըլլաք յառաջիկայ օրերուն: Լաւ մտածեցէք ձեր հարցերուն մասին նախքան որոշում առնելը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր շրջանակին մէջ աստղ մը պիտի դառնաք եւ աչքառու պիտի ըլլաք, ուր որ երթաք: Ձեր միտքերը թերեւս հասկնալի պիտի չթուին ուրիշներուն համար: Պիտի կրկնապատկէք ձեր ճիգերը, որպէսզի բարելաւէք ձեր ընկերային եւ աշխատանքային կեանքը:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Պիտի պատրաստուիք առիթի մը կամ խրախճանքի մը մասնակցելու: Նորութիւն մը պիտի ունենաք ձեր կեանքին մէջ: Արագ որոշում մը պիտի տաք: Ձեր նախասիրութիւնները պիտի կատարէք: Մթնոլորտը տագնապալից է:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Աստղերը կը ստիպեն, որ կրկնապատկէք ձեր գործը եւ ըլլաք հոգատար ամէն ինչի նկատմամբ: Սիրային պատմութիւն մը պիտի ունենաք: Հանդիպում մը պիտի ունենաք անծանօթի մը հետ: Ձեզի տրուած առիթներէն օգտուեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Կը ծրագրէք ճամբորդութիւն մը կատարել: Հաճելի արկածախնդրութիւն մը պիտի ունենաք: Յանձնարարութիւն մը եւ յաջող քննարկում մը պիտի կատարէք: Բոլոր մարդոց հետ նոյն ձեւով մի՛ վարուիք: Ձեր բոլոր խօսքերուն ու կեցուածքներուն մէջ անկեղծ կ՛երեւիք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր առաջարկած միտքերը պիտի ընդունուին մարդոց կողմէ, եւ դուք աւելի ինքնավստահ պիտի դառնաք: Լոյսերէ հեռու կեցէք: Մեծ կարողութիւն ունիք հարցեր լուծելու եւ առաջարկներ ներկայացնելու, բայց ներկայիս նման քայլեր մի՛ առնէք, որովհետեւ ձեր աստղը հակառակութեան մէջ է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Իրար մի՛ անցնիք, որ մթնոլորտը ժխտական չըլլայ, այլ դրական եղէք եւ աշխատեցէք լուծումներ գտնել ձեր հարցերուն: Ձեր աչքերը պիտի բանաք լաւ առիթներու: Ձեր յարաբերութիւնները լաւ եւ հարուստ կ՛երեւին: Դիւանագիտութեամբ պիտի վարուիք յառաջիկայ օրերուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Թէեւ ձեր տրամադրութիւնը պիտի փոխուի, բայց լաւատես պիտի ըլլաք: Գալիքը լաւ պիտի ըլլայ ձեզի համար, եւ կատարուած փոփոխութիւններ ի շահ ձեզի պիտի ըլլան: Հանճարեղ գաղափարներ պիտի յղանաք կարեւոր ծրագիրի մը գործադրութեան համար:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Կ՛ուզէք ճարպիկութեամբ իմանալ, թէ ի՛նչ կը դառնայ ձեր շուրջը: Պատրաստակամ եղէք սերտելու կարգ մը ծրագիրներ, որոնք պիտի իրականացուին յառաջիկայ ամիսներուն: Կարգ մը իշխանութիւններու հետ հարցեր պիտի ունենաք, ուշադիր եղէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Հին օրերու ձեր սիրեցեալին կամ բարեկամին հետ, որուն երկար տարիներ չէք տեսած, հանդիպում մը պիտի ունենաք: Յառաջիկայ օրերուն մի՛ կնքէք պայմանագիր եւ մի՛ օգնէք մարդոց` իրենց գործերուն մէջ: Ձեր գործերը ետ պիտի երթան, եւ դուք անհանգստութիւն պիտի զգաք ու պիտի չկարենաք որոշում տալ:
