Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փիւնիկ, որ Երեւանի հանրապետական դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ալաշկերտը, պարտուեցաւ նուազագոյն հաշուով: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Արտակ Դաշեան (61-րդ):
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Փիւնիկ պարագլուխի դիրքէն նահանջեց չորրորդ դիրք, հակառակ անոր որ մրցում մը նուազ կատարած է:
Ալաշկերտ ունեցաւ 19 կէտ, մինչ Լոռի եւ Բանանց ունին 20-ական կէտ:
Մնացեալ մրցումներուն, Լոռի յաղթեց Շիրակին (3-1), Բանանց` Արցախին (2-1), իսկ Արարատ – Արմենիա` Արարատին (1-0):