Պուէնոս Այրեսի (Արժանթին) մէջ սկսած ամառնային պատանեկան ողիմպիական 3-րդ խաղերուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Եուրի Իսրայէլեան (ժիւտօ, 55 քկ) եւ Հայկ Բաբայեան (հրացանաձգութիւն) առաջին օրը սկսան իրենց ելոյթներուն:
Անոնք սկսան անյաջող ձեւով, որովհետեւ չկրցան յաղթահարել զտումի արգելքը եւ անցնիլ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն:
Երէկ Հայաստանի ներկայացուցիչներէն ոեւէ մէկը այլ ելոյթ չունեցաւ:
Կ՛ակնկալուի, որ վաղը եւ անկէ ետք, հայրենի մարզիկները աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգեն: