Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց 19 տարեկանէն վար հաւաքականը 3 պարտութեամբ աւարտեց իր ելոյթները` Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն, բնականաբար չկարենալով անցնիլ յաջորդ հանգրուան:
Հայրենի կազմը այս զտումի մրցումներուն իր բերդին մէջ ստացաւ… 15 կոլ` առանց նոյնիսկ կոլ մը նշանակել կարենալու:
Հայաստանի աղջիկները պարտուեցան Կալեսէն (6-0), Պելճիքայէն (5-0) եւ Իսլանտայէն (4-0):
Վերջինս արձանագրեց 3 յաղթանակ: