Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ լիբանանցի մարզիչներու դասընթացք մը, որուն աւարտին յայտարարուեցան յաջողած անձերուն անունները:
Դասընթացքին հսկեց թեքուանտոյի լիբանանցի մարզիչներու յանձնախումբի նախագահ մասթըր Ալեն Նաժըմ` ներկայութեամբ բազմաթիւ այլ հսկողներու, որոնք իրենց կարգին մասթըրի տիտղոսներ ունին: