9-15 հոկտեմբերին Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը հաւաք կը կատարէ ֆութպոլի ակադեմիային մէջ` պատրաստուելու համար Ֆրանսայի դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն (13 եւ 15 հոկտեմբեր), յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը:
Նշուեցաւ, որ Գերմանիոյ, Սլովաքիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ հանդէս եկող շարք մը ֆութպոլիստներ հրաւիրուեցան ազգային հաւաքական: