Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ լոնտոնեան Չելսիի նախկին յետսապահ Ճոն Թերի պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով եկաւ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
37 տարեկան ֆութպոլիստը 22 տարի ելոյթ ունեցաւ Չելսիի հետ, իսկ նախորդ տարեշրջանին մաս կազմեց Ասթոն Վիլային:
«23 տարիներ ֆութպոլի դաշտերուն վրայ ելոյթ ունենալով, այժմ կու գամ վերջ մը դնելու իմ արհեստավարժ ասպարէզիս», ըսաւ ան:



