Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաճիեւ. «Ալիեւ-Փաշինեան Հանդիպումը Կը Վկայէ, Որ Բանակցութիւններու Ձեւաչափը Անփոփոխ Է»

October 2, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ալիեւ-Փաշինեան հանդիպումին նախաձեռնողը Հայաստանի վարչապետն էր», երէկ Պաքուի մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի ղեկավարի տեղակալ Հիքմեթ Հաճիեւ: Ըստ անոր, «ատիկա անգամ մը եւս կը վկայէ, որ բանակցութիւններու ձեւաչափը անփոփոխ է, եւ անոնք կ՛ընթանան ինքնին տագնապին կողմ հանդիսացող Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ»:

Հաճիեւ ըսած է, թէ նոյն ձեւաչափով ընթացած էին նաեւ 26 հոկտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ արտաքին գործոց նախարարներուն բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ Պրիւքսելի մէջ յուլիսին տեղի ունեցած հանդիպումը:

«Մենք այդ ամէնը դրական կը գնահատենք: Ազրպէյճան պատրաստ է հայ-ազրպէյճանական տագնապի լուծման նպաստող կառուցողական բանակցութիւններուն եւ հաղորդակցութիւններուն: Ատիկա անգամ մը եւս կը վկայէ Ազրպէյճանի հաւատարմութիւնը ներկայ ձեւաչափով ծաւալող բանակցային հոլովոյթին», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ներկայացուցիչը:

Նշենք, որ ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը, անդրադառնալով ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու վեհաժողովին, գրած էր, որ Ալիեւ լուսանկարման արարողութեան քալելով երթալով հասած է Փաշինեանին եւ սկսած անոր հետ զրուցել, ոչ այն պատճառով, որ պարզապէս կողք-կողքի լուռ քալելը անյարմար եղած է, այլ այն պատճառով, որ Ալիեւ ըսելիքներ ունէր, իսկ Փաշինեան` լսելիք:

Անոնք այնքան տարուած են խօսելով, որ նոյնիսկ լուսանկարուելու արարողութեան ժամանակ այբենական կարգով կողք-կողքի կանգնելէ ետք շարունակած են զրուցել: Յօդուածի հեղինակը գրած է, որ այդ քանի մը վայրկեանի ընթացքին կարելի է աւելի շատ բանի մասին համաձայնիլ, քան 1,5 ժամ տեւած երկկողմ պաշտօնական հանդիպման ժամանակ, որ ի դէպ, այժմ թերեւս սարերու ետեւը չէ:

 

Նախորդը

Ալիեւ Յանձնարարած Է Շփման Գիծին Վրայ Աւելի Լայնօրէն Կիրարկել Յատուկ Թեքնիք Միջոցներ

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ Քաղաքական Երկխօսութիւններու Մեկնարկը Տրուած Է. ՀՀԿ-ն Դէմ Է Շուտափոյթ Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններ Կազմակերպելուն

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.