Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 14 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի Քաղաքական դասընթացքներու երեւանեան դպրոցի խումբ մը շրջանաւարտներու հետ:
Նշելով, որ անոնք նաեւ այսօրուան եւ վաղուան առաջնորդներն են, նախագահը դպրոցի շրջանաւարտներուն հետ մասնաւորաբար զրուցած է առաջնորդի համար կարեւոր որակներու մասին, անդրադարձած է ազգային ինքնութեան գաղափարին, այնուհետեւ պատասխանած մասնակիցներուն բազմաթիւ հարցումներուն: