Ազրպէյճանական զինուժը 11 սեպտեմբերի երեկոյեան ռմբակոծած է Տաւուշի մարզի Բաղանիս գիւղը: «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Բաղանիսի գիւղապետ Նարեկ Սահակեան նշած է, որ մինչեւ 2 սեպտեմբեր կրակոցներ գրեթէ չեն լսուած, իսկ 2 սեպտեմբերէն սկսեալ երեկոյեան պարբերաբար կրակոցներ հնչած են:
«Երէկ երեկոյեան ալ 5-7 վայրկեան տեւողութեամբ կրակահերթ էր: Բարեբախտաբար, վիրաւորներ չունինք, տուները նոյնպէս չեն վնասուած», ըսած է Սահակեան` աւելցնելով, որ միջպետական ուղին չէ փակուած: