Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փաշինեան Կը Ձգտի Իր Յայտարարութիւններով Տապալել Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Բանակցութիւնները» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Սեպտեմբեր 13, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կարծիքով` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «իր հակասական յայտարարութիւններով» ամէն կերպ կը ձգտի տապալել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցով բանակցային հոլովոյթը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս-Ազրպէյճան»-ը` վկայակոչելով Ազրպէյճանի նախագահին կայքը:

Ալիեւ այդ մասին յայտարարած է Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկըրի հետ հանդիպումին ընթացքին:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուող հիմնական նիւթերէն մէկը եղած է ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծումը:

Ալիեւ ընդգծած է, որ Հայաստանի նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան առաջին օրերէն հանդէս եկած է տագնապի լուծման հարցով «հակասական յայտարարութիւններով», եւ այդ յայտարարութիւնները «առնուազն զարմանք կը յառաջացնեն»:

Ազրպէյճանի նախագահը յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հետ բանակցութիւններ կատարելու Հայաստանի վարչապետին հնչեցուցած թեզը անընդունելի է:

Բացի ատկէ, ան աննպատակայարմար կը նկատէ այն յայտարարութիւնը, թէ 7 շրջանները Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մաս կը կազմեն: Այդ առնչութեամբ Ալիեւ ԵԱՀԿ-ին կոչ ուղղած է արձագանգելու «այդպիսի վտանգաւոր յայտարարութիւններուն»:

«Ալիեւ ընդգծած է, որ ընդհանուր առմամբ ազրպէյճանական կողմին մօտ կարծիք կը ստեղծուի, որ Փաշինեան ամէն ձեւով կը ձգտի տապալել բանակցային հոլովոյթը: Այդ պարագային ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ հայկական կողմին եւ անձամբ Փաշինեանի վրայ», կ՛ընդգծուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ալիեւ նաեւ ԵԱՀԿ-ին կոչ ուղղած է չէզոք դեր չստանձնելու Հայաստանի ընթացիկ քաղաքական իրավիճակին առնչութեամբ:

Ազրպէյճանի նախագահը եւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նաեւ քննարկած են շրջանային անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան զարգացման, տնտեսական համագործակցութեան առնչուող հարցեր:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի վարչապետը բազմիցս յայտարարած է, թէ Արցախը պէտք է մաս կազմէ բանակցային հոլովոյթին:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանական Զինուժը Ռմբակոծած Է Բաղանիսը

Յաջորդը

Հրապարակուած Է ԱԱԾ Տնօրէնի Ու ՅՔԾ Պետի Հեռաձայնային Զրոյցին Գաղտնալսուած Ձայնագրութիւնը

RelatedPosts

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?