Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ շուրջ 100 հոգի պիտի մեկնի Սուրիա` մարդասիրական օժանդակութիւն կատարելու նպատակով:
Ան նշած է, որ Հայաստանի զինուած ուժերէն Սուրիա մեկնող անձնակազմին մաս պիտի կազմեն մարդասիրական ոլորտի մասնագէտներ` բժիշկներ, ականազերծողներ, իսկ անոնց գործունէութեան ապահովման համար նաեւ անվտանգութեան անձնակազմ պիտի ներգրաւուի: «Անոնց մասնակցութիւնը կը բխի մեր ազգային շահերէն», յայտնած է նախարարը: