Վանի Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող հայկական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ օրեր առաջ մատուցուած պատարագի ընթացքին Հայաստանի դրօշ բռնած հայ զբօսաշրջիկներու մուտքը կղզի չէ արտօնուած:
Յայտնի է, որ կղզի տանող նաւեր նստելէ առաջ թուրք ոստիկանները ստիպած են փոխել հայկական դրօշի գոյներով շալերը եւ շապիկները:
Թրքական «Իհլաս Հապեր» լրատու գործակալութիւնը այս առիթով նշած է, որ մարդաշատ պատարագի արարողութեան հետ առնչուած` կղզիին վրայ ուժեղացուած են անվտանգութեան միջոցառումները, իսկ բուն պատարագը շատերը լսած են դուրսէն:
Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան օրեր առաջ շնորհակալութիւն յայտնած էր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագի կատարումը արտօնելնուն համար: