Լիբանանի դիմագրաւած բազմապիսի ճգնաժամերուն եւ դժուարութիւններուն դէմ յանդիման, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը միշտ իր զօրակցութիւնը յայտնած է հայ դպրոցականին եւ համալսարանական ուսանողին` հաւատարիմ մնալով հայ երիտասարդութեան կողքին կանգնելու իր առաքելութեան:
Գիտակցելով, որ ներկայ պայմանները յաճախ կը դժուարացնեն աշակերտներուն եւ ուսանողներուն կրթական ուղին ու ապագայի ծրագիրները, միութիւնը կը շարունակէ իր աշխատանքները` նպատակ ունենալով զօրավիգ կանգնիլ անոնց, քաջալերել զանոնք եւ ստեղծել այնպիսի կարելիութիւններ, որոնք պիտի նպաստեն անոնց մտաւոր զարգացման, մասնագիտական կողմնորոշման եւ ազգային գիտակցութեան ամրապնդման:
Այս ծիրին մէջ, տարեշրջանին ընթացքին պիտի իրականացուին շարք մը ծրագիրներ եւ նախաձեռնութիւններ, որոնք պիտի ծառայեն հայ աշակերտներուն եւ ուսանողներուն կարիքներուն` վերահաստատելով այն համոզումը, թէ կրթութիւնը եւ երիտասարդութեան դաստիարակութիւնը մեր հաւաքական ապագայի հիմնասիւներն են:
Այս նախաձեռնութիւններուն առաջինը հայկական վարժարաններու համալսարանական արեւելումի ձեռնարկն է, որ տեղի կ՛ունենայ այսօր` 23 հոկտեմբերին: Ձեռնարկը նպատակ ունի աջակցիլ հայկական վարժարաններու բարձրակարգ դասարաններու աշակերտութեան` համալսարանի, մասնագիտութեան եւ ապագայի ուղիին ընտրութեան մէջ` անմիջական կապ հաստատելով մասնագիտութիւններու խորհրդատուներու եւ համալսարաններու ներկայացուցիչներու հետ:
ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը` շարունակելու կանգնիլ հայ երիտասարդութեան կողքին, յատկապէս դժուար օրերուն, եւ իր ներդրումը բերել գիտակից, պատրաստուած ու ազգային արժէքներով առաջնորդուող սերունդի մը կերտման:


