Հինգշաբթի, 22 հոկտեմբերի կառավարութեան ընթացիկ նիստէն ետք կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ նոր սահմանադրութիւնը հանրային քննարկման պիտի դրուի շուտով: Սահմանադրութիւնը ապա պիտի քննարկուի Ազգային ժողովին կողմէ, որ զայն հանրաքուէի ենթարկելու որոշում պէտք է կայացնէ երկու երրորդ մեծամասնութեամբ: Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը չունի եօթանասուն պատգամաւոր Ազգային ժողովին մէջ. երկու երրորդ գոյացնելու համար անհրաժեշտ է, որ ընդդիմութենէն գէթ վեց պատգամաւորներ թեր քուէարկեն սահմանադրութեան նախագիծին: Նիկոլ Փաշինեան կ՛ուզէ համոզել ընդդիմադիր «գործընկերները», որ հայթայթեն պակսող ձայները: Ձախողութեան պարագային անհրաժեշտ պիտի ըլլայ կազմակերպել կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւն, ապահովելու համար երկու երրորդ մեծամասնութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան 7 յունիսի ընտրութեան նախօրեակին յայտնած էր, որ եթէ Քաղաքացիական պայմանագիրը չապահովէ սահմանադրական (այսինքն` երկու երրորդ) մեծամասնութիւն, աշնան կրնանք պատերազմ ունենալ: Այժմ, օգոստոս 8-ի յուշագրի ստորագրութենէն եւ խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրութենէն ետք, Փաշինեան խաղաղութիւնը հաստատուած կը նկատէ, ուրեմն պատերազմի սպառնալիքը հեռացած: Սակայն խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան համար Ազրպէյճան կը պահանջէ սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, այդ փոփոխութիւնը վերածելով առկախ հարցերու լուծման հիմնական բանալիի:
Նկատի ունենալով սահմանադրութիւնը փոխելու առկայ դժուարութիւնը, Նիկոլ Փաշինեան շաբաթ մը առաջ նախատեսած էր, որ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութիւն կրնայ տեղի ունենալ 2031-ին, այսինքն` յաջորդ Ազգային ժողովի ժամանակաշրջանին: Հաստատելով, որ յունիս 7-ի ընտրութեան արդիւնքը բաւարար չէ եղած, Նիկոլ Փաշինեան կը նախատեսէ, որ յաւելեալ ճնշումներով, ամբոխավարութեամբ, վախի մթնոլորտի ստեղծմամբ, ձերբակալութիւններով եւ այլազան միջոցներով պիտի յաջողի սահմանադրական մեծամասնութիւն ապահովել յաջորդ Ազգային ժողովին մէջ: Այժմ կը խօսի արտակարգ ընտրութիւն կայացնելու մասին, քանի որ, ցարդ մեզի անծանօթ պատճառներով շտապելու պատճառներ երեւան եկած են:
Ի՞նչ միջոցներով Նիկոլ Փաշինեան կը նախատեսէ սահմանադրական մեծամասնութիւն ապահովել արտակարգ ընտրութեամբ կազմաւորուած յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ: Գործադրելի միջոցներէն ոմանք կը գործադրուին այս օրերուն: 25 հոկտեմբերին բազմաթիւ մարզերու մէջ տեղի պիտի ունենան տեղական ինքնակառավարական մարմիններու ընտրութիւններ: Թեկնածուներու վարկաբեկման, հալածանքի դասականացած մեթոտները կը կիրարկուին անսայթաքօրէն: Ով կը քուէարկէ Քաղաքացիական պայմանագիրէն տարբեր ուժի մը, անպայման ընտրակաշառք ստացած է, կ՛ըսեն Փաշինեանի աջակիցները: Ինք անձամբ մասնակից է ընտրապայքարին: Ամէնէն ցցուն եղելութիւնը Ստեփանաւանի մէջ ընտրակաշառք բաժնելու մեղադրանքով տասներեք անձերու ձերբակալութիւնն է, ընտրութենէն քանի մը օր առաջ միայն: Ձերբակալուածներու կարգին կը գտնուի յաղթելու լուրջ հնարաւորութիւն ունեցող քաղաքապետի թեկնածուն:
Փորձենք հասկնալ կարգ մը դիրքորոշումներու ներքին ծալքերը: Նիկոլ Փաշինեան կ՛ուզէր ռուսական ռազմակայանը փակել: Կ՛առաջարկէր, որ Ռուսիա երրորդ երկրի մը վաճառէ երկաթուղիի շահարկման իրաւունքը: Կ՛ուզէր, որ նոր աթոմակայանը կառուցուի արեւմտեան երկրի մը կողմէ: Այս բոլոր պահանջներէն հրաժարած է հիմա եւ կը յայտարարէ, որ Հայաստան Ռուսիոյ հետ ունի ռազմավարական սերտ յարաբերութիւններ: Ազգային ժողովի ընտրութեան առիթով հակառուս տրամադրութիւններու հրահրումը, Հայաստանը ռուսական ենթակայութենէն ազատելով ինքնիշխանութիւն ապահովելու վարկածին շեփորահարումը, ընդդիմադիրները Ռուսիոյ հպատակներ հռչակելը… մոռացութեան տրուելու ընթացքի մէջ են: Բաւեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները ջերմանան, որպէսզի իշխող վարչախումբը, Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, շրջադարձ կատարէ ու երէկուան անիծուածը այսօր օրհնէ:
Աշխարհաքաղաքական կարեւոր փոփոխութիւններ կը սպասուին յառաջիկայ ամիսներուն: Ռուս-ուքրանական պատերազմը աւարտելու վրայ է: Ամերիկայի յարձակումը Իրանի դէմ դադար առած է ու կրնայ անակնկալօրէն աւարտիլ: Եւրոպան ու յատկապէս անոր կարեւոր առաջնորդներէն` Ֆրանսան, ենթակայ է քաղաքական ներքին գալարումներու: Սպասելով Իսրայէլի, Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի ընտրութիւններուն, համաշխարհային հնչեղութեամբ տագնապները կը սպասեն նոր լուծումներու: Անհաւանական չէ, որ Նիկոլ Փաշինեանին խրատած ըլլան վերանայելու ինքնիշխանութեան մասին իր պատկերացումը եւ Հայաստանին վերադարձնելու իր պատմական դիրքորոշումը` օտար ուժերուն թատերաբեմ չըլլալու կոչումը:
Սխալ ու վնասակար քաղաքական դիրքորոշումներու մէջ թաթախուած Նիկոլ Փաշինեան կրնա՞յ այս շրջադարձը կառավարել: Կանխահաս ընտրութիւն մը կրնայ զինք զրկել մեծամասնութենէ (որ արդէն փխրուն է) եւ Հայաստանին շնորհել ազգային արժեհամակարգին հաւատարիմ իշխանութիւն մը:



