Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կին Դէմքեր. Օփրա Ուինֆրի

Սեպտեմբեր 6, 2018
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Վերջերս Օփրա Ուինֆրին դարձաւ 64 տարեկան: Ան իր ասպարէզը սկսած է որպէս հաղորդավարուհի եւ գլխապտոյտ պատճառող յաջողութիւններ ձեռք բերած է այս ասպարէզին: Ան ունի իր ամսաթերթը` «Տի Օփրա Մակազին»-ը, Oprah.com կայքը, ձայնասփիւռի կայանը, «Տի Օփրա Ուինֆրի նեթուորք» պատկերասփիւռի կայանը եւ անձնական սթիւտիոն: Ան պատմութեան մէջ միակ սեւամորթ կին միլիառատէրն է:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այս հզօր կնոջ հետաքրքրական միտքերէն քանի մը հատը:

– Այն, ինչ որ ձեզի տրուած է Աստուծոյ կողմէ, աւելին է, քան դուք կը պատկերացնէք:

– Ըրէք գոնէ մէկ բան, որ անհնարին կը համարէք: Ձախողելու պարագային, կրկին փորձեցէք, երկրորդ անգամ աւելի լաւ արդիւնքի կը հասնիք: Միակ մարդը, որ ձախողութիւն չէ ունեցած, ան է, որ մեծ բարձունքներու չէ ձգտած:

– Կեանքին իմաստը այն է, որ մենք դառնանք այն մարդը, որ ճակատագրով պէտք է դառնայինք:

– Հոն, ուր չկայ պայքար, նաեւ չկայ յաղթանակ:

– Դուք ձեզ շրջապատեցէք անձերով, որոնք հետագային կրնան օգնել ձեզի բարձունքներու հասնելու:

– Ինչ որ կը տեսնէք ապագային նայելով, շատ կարեւոր է. չէ՞ որ կը տեսնէք այն, ինչ որ կը փափաքիք… Այն, ինչ որ կը տեսնէք, այդ ալ կը ստանաք: Սկսէք տեսնել ան, զով կ՛ուզէք դառնալ:

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Շուտով Դպրոցական Վերամուտ Է

Դպրոցական երեխայ ունենալը այնքան ալ դիւրին բան չէ, յատկապէս` երիտասարդ եւ անփորձ զոյգերուն համար: Ստորեւ կը ներկայացնենք քանի մը գործնական խորհուրդներ` դպրոցական փոքրիկին ուսումնական տարեշրջանը հեզասահ դարձնելու նպատակով:

– Առտու ձեր դպրոցական երեխային մեղմ ձայնով արթնցուցէք: Երբ ան աչքերը բանայ, պէտք է տեսնէ ձեր ժպտուն դէմքը եւ լսէ ձեր սիրալիր ձայնը: Առտու կանուխ մի՛ սաստէք երեխան, եղէք համբերատար: Եթէ ան չ՛աճապարեր ժամանակին դպրոց հասնելու, ձգեցէ՛ք` թող ան մէկ անգամ ուշանայ դասերէն, դիտողութիւն ստանայ, ի հարկին պատժուի: Հաւատացէք` յաջորդ անգամ ինք կը փորձէ արագ պատրաստուիլ եւ դպրոց հասնիլ:

***

Երեխան դպրոց մի՛ ճամբէք առանց նախաճաշի. թեթեւ եւ հաւասարակշռուած նախաճաշը կ՛օգնէ, որ ան աւելի կեդրոնացած եւ ուշադիր հետեւի դասարանին մէջ:

***

Ձեր զաւակը դպրոց ճամբելու պահուն մի՛ սպառնաք. ընդհակառակը, լաւ խօսքեր ըսէք` «Քեզ շատ կը սիրեմ», «Շատ պիտի կարօտնամ», «Ես հպարտ եմ քեզմով» եւ այլն…

***

Մոռցէք նիշերը, «Քանի՞ ստացար» հարցումներու տարափը: Տուն վերադարձած ձեր զաւակը դիմաւորեցէք լաւ խօսքերով, հետաքրքրուեցէք` ինչպէ՛ս անցաւ իր օրը, ի՛նչ նոր բան սորվեցաւ: Նոյնիսկ եթէ շատ հետաքրքրուած էք իր նիշերով, անոնց մասին իմանալու համար անուղղակի տարբերակներ գտէք:

***

Եթէ զգաք, որ ձեր զաւակը լուռ եւ վշտացած է, ձեր հարցումներով մի՛ խեղդէք զայն: Ձգեցէք` թող քիչ մը հանգստանայ, մտածէ եւ ինքը նախաձեռնէ իր օրուան մասին պատմելու:

***

Ձեր զաւկին ներկայութեան ուսուցիչ մի՛ քննադատէք: Ան պէտք է մեծ համարում ունենայ իր ուսուցիչին մասին, սիրէ եւ յարգէ զայն. այլապէս, ան կը խրտչի թէ՛ ուսուցիչէն եւ թէ՛ դասանիւթէն:

***

Եթէ ձեր երեխան հարց ունի իր ուսուցիչին հետ, հրաժարեցէք արագ եզրակացութիւններէ: Երկու կողմերը լսելէ ետք փորձեցէք հարցին լուծում գտնել` ի հարկին բաժնի պատասխանատուին կամ հոգեբանին միջամտութեան դիմելով:

***

Դպրոցէն վերադարձած ձեր զաւկին մի՛ պարտադրէք, որ անմիջապէս դասի նստի. անոր ուղեղը հանգիստի կարիք ունի: Արտօնեցէք, որ ան պատառ մը բան ուտելէ ետք առնուազն կէս ժամ իր սիրած մէկ խաղը խաղայ, եւ ապա սենեակ քաշուի ու պարտականութիւնները կատարէ:

***

Դասերը պատրաստելու ժամանակ ձեր զաւկին գլխուն վերեւ մի՛ կենաք, ձգեցէք, որ ան առանձին աշխատի, հեռուէն հսկեցէք: Եթէ ան դժուարութեան հանդիպի, անկասկած որ ձեր օգնութեան պիտի դիմէ:

***

Տնային աշխատանքներու ընթացքին ալ 10-15 վայրկեան դադար տուէք ձեր զաւկին: Կտոր մը տուրմ, պտուղ մը, անկասկած որ կը խթանեն անոր ուղեղը:

***

Մի՛շտ յիշեցէք, որ երբ երեխան տան մէջ սիրուած կը զգայ, երբ ան ծնողքին ուշադրութեան կեդրոնն է, չկան իր հոգին ալեկոծող ծանր հարցեր, ան անպայման յաջող դպրոցական տարեշրջան մը կը բոլորէ:

Ձեռային Աշխատանք

Հինը Նորի Վերածել

Կնոջական էջով յաճախ անդրադարձած ենք, որ սովորական ճինզերը վերամշակելով` ինչե՜ր կրնանք պատրաստել անոնցմէ: Առ ի յիշեցում` բարձի երեսներ, պայուսակներ, պատի զարդեր, թղթապանակներ եւ այլն…

Այսօր ցոյց կու տանք, որ հին ճինզ տաբատէ մը ձերբազատելու փոխարէն` կարելի է պատրաստել բջիջայինի պահպանակ մը` օգտուելով տաբատին գօտիի բաժինէն, եւ կամ շատ հետաքրքրական բաժակի տակդիրներ` օգտուելով տաբատին երկայնքին գտնուող զոյգ կարով բաժինէն:

Երկու իրերն ալ շատ դիւրին եւ արագ պատրաստուող պիտանի իրեր են: Կ՛արժէ փորձելը:

Եթէ Դուք Սուրճի Սիրահար Էք,
Իմացէք, Որ…

Գիտնականներու կարծիքով, կան 10 համոզիչ պատճառներ, որոնց համար կ՛արժէ օրական առնուազն գաւաթ մը սուրճ խմել:

– 1 –

Սուրճը կը համարուի անթիօքսիտաններու աղբիւր. վերջիններս մեզ կը պաշտպանեն կանխահաս ծերութենէ:

– 2 –

Սուրճին բոյրը ունի հակաընկճախտային ազդեցութիւն:

– 3 –

Սուրճը կրնայ նուազեցնել փարքինսըն հիւանդութեան ախտանշանները:

– 4 –

Սուրճը օգտակար է լեարդին համար, յատկապէս` ոգելից ըմպելիներ խմողներուն պարագային:

– 5 –

Սուրճը կը պակսեցնէ անձնասպանութեան հակուածութիւնը:

– 6 –

Սուրճը կը նուազեցնէ մորթի քաղցկեղով հիւանդանալու հաւանականութիւնը:

– 7 –

Սուրճը անվնաս խթանիչ է մարզիկներուն համար:

– 8 –

Սուրճը կը նուազեցնէ շաքարախտի հաւանականութիւնը:

– 9 –

Սուրճը կը խթանէ ուղեղին գործունէութիւնը:

– 10 –

Սուրճը կ՛երջանկացնէ…

Գիտէի՞ք, Թէ…

– Ջուրէն ետք, սուրճը երկրորդ ամէնէն շատ սպառուող խմիչքն է աշխարհի երեսին:

– Ամէն տարի աւելի քան 400 միլիառ գաւաթ սուրճ կը սպառի մարդկութեան կողմէ:

– Ամէնէն շատ սուրճ սպառող երկիրներն են` Ֆինլանտան, Նորվեկիան, Շուէտը եւ Հոլանտան:

– Սուրճը «յայտնաբերած են» այծերը: Սուրճը բացայայտուած է պատահաբար: Եթովպիացի հովիւը նկատեր է, որ որքան աշխուժ դարձած են այծերը` սուրճի հատիկներ ուտելէ ետք…

– Աշխարհի երեսին գոյութիւն ունի սուրճի աւելի քան 50 տեսակ:

– Աշխարհի մարդոց 70 առ հարիւրը կը խմէ «արապիքա» տեսակը:

– Սուրճը կ՛աճի ծառի վրայ: Սուրճի ծառերը կրնան մինչեւ 9 մեթր բարձրութիւն ունենալ, բայց հատիկները հաւաքելու յարմարութեան համար զանոնք 2-3 մեթր բարձրութեամբ կը յօտեն:

Խոհագիր

Շերտաւոր Խմորով
Փխրուն Ձողիկներ

Շերտաւոր խմորով (փաթ ֆէօյըթէ) պատրաստուած փխրուն ձողիկները կ՛երջանկացնեն թէ՛ փոքրերը եւ թէ՛ մեծերը: Անոնք շատ յարմար տարբերակ են խմիչքի հետ հրամցուելու համար: Անոնց պատրաստութիւնը արագ է եւ դիւրին: Կ՛արժէ փորձելը:

Բաղադրութիւն

– Մէկ ծրար սառած շերտաւոր խմոր
– Մէկ հաւկիթ
– Տաշուած դեղին պանիր (ըստ ճաշակի)
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Սառած խմորը պատրաստութենէն 20 վայրկեան առաջ սառցարանէն հանել:

Աշխատանքի մաքուր սեղանին մակերեսին ալիւր ցանել եւ գրտնակով խմորը բանալ: Բացուած խմորը ծեփել հաւկիթի դեղնուցով, աղ եւ սեւ պղպեղ ցանել (եթէ փոքրեր ալ պիտի ուտեն, սեւ պղպեղը չափաւորել): Խմորին մակերեսը ծածկել տաշուած պանիրով, ապա սուր դանակի մը օգնութեամբ 2 սմ լայնքով երիզներ կտրտել: Երիզներէն իւրաքանչիւրը ոլորել` զսպանակի ձեւ տալով: Զանոնք շարել փուռ գացող ափսէի մէջ եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել 20-25 վայրկեան` 200 ջերմաստիճանով:

Շաբթուան Միտքերը

Ուսուցիչ պարոններ եւ քոյրեր, զգուշութեամբ եւ երկիւղածութեամբ մօտեցէք դաստիարակութեան գործին, խիստ փափուկ պաշտօն մըն է ձերը:

Դաստիարակելու կոչուած էք սերունդ մը, որ ապագայ ազգն է: Սխալ ուղղութեամբ, ազգ մը կը խորտակէք վերջը:

***

Եթէ մանուկը չի հասկնար ձեր դասաւանդութիւնը, յանցանքը ձերն է, որովհետեւ չէք կրցած հասկնալ անոր հոգին. պէտք է վար իջնել մինչեւ անոր հոգեկան աստիճանը եւ զայն առնելով` ձեզի հետ բարձրացնել:

***

Սխալ դաստիարակութեան հետեւանք է, որ շատեր, որոնք հանճարներ պիտի ըլլային, եղած են գողեր…

***

Ընտանիքը որքան զարգացած ըլլայ, մանուկն ալ այնքան միտքի առաւելութիւններով երեւան կու գայ:

ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (6 Սեպտեմբեր 1968)

Յաջորդը

Ուխտի Ճանապարհներ. Այց Կոմիտասի Անուան Պանթէոնին (Ա)

RelatedPosts

Խաղաղութեան Ուղերձ Կրող Հագուստը
Կնոջական

Խաղաղութեան Ուղերձ Կրող Հագուստը

Հոկտեմբեր 23, 2025
Մենք Ցանկութիւն Կ՛ունենանք Ուտելու Այն, Ինչի Պակասը Կայ Մեր Մարմնին Մէջ
Կնոջական

Մենք Ցանկութիւն Կ՛ունենանք Ուտելու Այն, Ինչի Պակասը Կայ Մեր Մարմնին Մէջ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քանդակի Մը Պատմութիւնը.  «Գրքասէրը»
Կնոջական

Քանդակի Մը Պատմութիւնը. «Գրքասէրը»

Հոկտեմբեր 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?