ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութեան ականատես վկայ եւ վերապրող ասորի արքեպիսկոպոս Աթանասիոս Եշու Սամուէլը Պաղեստինի Մեռեալ ծովու շրջակայքի քարայրներէն յաջողած է հաւաքել Քրիստոսէ առաջ պահուած մագաղաթներ եւ այս մասին հեղինակած ու հրատարակած է գիրք մը` «Կումրանի գանձերը, Մեռեալ ծովու մագաղաթներու պատմութիւնս» խորագիրով, 1968, տպագրութեան վայրը չէ նշուած (The Treasure of Qumrani: My Story of the Dead Sea Scrolls-1968): Սոյն գիրքին մէջ արքեպիսկոպոսը պատմած է իր կեանքի ոդիսականը եւ արձանագրած` հայասպանութեան փաստը ամրապնդող վկայութիւններ, որոնց պիտի անդրադառնամ միայն: Անգլիացի պատմաբան Տէյվիտ Կաունթ` այս մասին պատրաստած է զեկուցում մը եւ ներկայացուցած` Սթոքհոլմի Սէոտըրթէորն համալսարանի մէկ գիտաժողովին, որուն ընթացքին արծարծուած են հայասպանութեան վերաբերեալ զանազան նիւթեր` «Ցեղասպանութեան ժամանակէն 1915-2015, զեկուցում Հայոց ցեղասպանութեան եւ ասորական կոտորածներու մասին, 2015, Սթուտիոֆորպունտեթ Պիլտա հրատ., Սթոքհոլմ, Շուէտ» (In Times of Genocide 1915-2015: Report from a conference on the Armenian Genocide and Syriac Seyfo- publisher: Studieförbundet Bilda, 2015, Stolkholm, Sweden) խորագիրին տակ:

Տէյվիտ Կաունթը ծնած է Լոնտոն, 1944-ին: Ան Սթոքհոլմի Սէոտըրթէորն համալսարանի պատմութեան դասախօս է: Կաունթը կ’ըսէ, որ հայասպանութեան մասին Եշու Սամուէլի ականատեսի այս վկայութիւնը ասորական հազուագիւտ աղբիւրներէն մէկն է:
Եշու Սամուէլը ծնած է սուրիական Հելուա գիւղը, 1907-ին: Անոր ծնողները գաղթած են Թուր Ապտին ասորական աւանէն: Հելուա երկրագործական ու ջրառատ գիւղը կը գտնուի Գամիշլի քաղաքին հարաւը: Գիւղին ասորիները բարի համակեցութեամբ կ’ապրէին շրջակայքի պետեւիներուն հետ, որոնք գիւղացիներուն ոչխարները կ’արածէին եւ փոխարէնը` հացահատիկ կը ստանային:

Մեհմետ Ռեշիտ պէյ 1873-1919
Բազմաթիւ ականատես վկաներու յուշերուն մէջ կը կարդանք, որ թուրքերը յատուկ ոճրագործներ նշանակած էին եւ անոնց յանձնած` հայեր սպաննելու գործը, կ’ըսէ Տէյվիտ Կաունթը: Սկիզբը ան հաւատք չէր ընծայած այդ խօսքերուն, մինչեւ որ իր աչքերով կարդաց օսմանեան արխիւները, որոնց մէջ յստակօրէն գրուած էր, թէ օրուան ներքին գործոց նախարար Թալէաթը հրաման տուած էր Սեւերակի բանտէն խումբ մը մարդասպաններ ազատ արձակելու` հայեր սպաննելու համար: Նոյն նպատակին համար Տիգրանակերտի կառավարիչ [Մեհմետ] Ռեշիտ (1873-1919) պէյ (5 նոյեմբեր 1918, Կ. Պոլսոյ մէջ ան կը ձերբակալուի իբրեւ պատերազմական ոճրագործ, որ կոտորած էր հայերն ու ասորիները 1914-1918: Կը բանտարկուի Պեքիր աղա բանտին մէջ, բայց կը յաջողի փախուստ տալ 1919-ի յունուարին: Երբ կառավարութիւնը կը հետապնդէ զայն, տեսնելով, որ փախուստի ճամբաները փակուած են, ան անձնասպան կ’ըլլայ, Յ. Ի.) համաձայնութիւն մը գոյացուցած էր իր եւ Տիգրիսի ափին գտնուող Պաթման գիւղի քրտական Ռամա ցեղախումբի ոճրագործ աւազակներուն հետ, որոնք տեւական մարդասպանութեամբ եւ կողոպուտով զբաղած էին, այդ պատճառով ալ` բանտարկուած: Ռեշիտ պէյ զանոնք բանտերէն ազատ կ’արձակէ, որպէսզի հայեր ու ասորիներ սպաննելու համար օգտագործէ: Սկզբնական համաձայնութեամբ, անոնք զոհերէն խլելիք հարստութեան կէսը պէտք էր որ Թրքական կարմիր մահիկին տային, իսկ միւս կէսը կրնային իւրացնել: Ականատես վկաներու համաձայն, Տիգրանակերտէն մինչեւ Մուսուլ երկարող Տիգրիսի ջուրերուն վրայ կը ծփային հայոց դիակներն, ու զոհերու մարմնի զանազան մասերը: Ռամա ցեղախումբի աւազակ ոճրագործները Տիգրիսի ափերուն ուրիշ գիւղերու հայերն ու ասորիները կը ջարդեն զանոնք կողոպտելէ ետք: Այդ գիւղերէն են` Այն Վարդօ, Տուֆնի, Հապսես եւ Քապիէ:
Վերադառնալով Եշու Սամուէլի ականատեսի վկայութեան, ան կ’ըսէ, որ թուրք ոստիկաններ, որոնք բռնագաղթուած հայերու կարաւանի մը ընկերակցութեամբ իրենց տան առջեւէն կ’անցնէին, իր հօրը ըսած էին, որ իրենք գաղութարար զինուորներ են եւ Միջագետքի հարաւային շրջանը կ’երթային: Սակայն իրենց տան շրջափակէն քիչ մը անդին անոնք գիշերով կարաւանին բոլոր գաղթականները կը մորթեն: Անոնցմէ մարդ մը միայն մազապուրծ ազատելով Եշու Սամուէլենց քով կ’ապաստանի: Վերապրողը Եշուի ընտանիքին կը պատմէ իր տեսածները, թէ ինչպէ՛ս թուրքերը հազարաւոր հայեր սպաննելով նետած էին գետերու եւ լիճերու մէջ: Լսողները կ’այլայլին ու կը սոսկան: Այդ մարդը ժանտատենդէ բռնուած ըլլալով` կարճ ատեն մը ետք կը մահանայ: Եշու Սամուէլի հայրն ալ նոյն հիւանդութենէ վարակուելով կը մահանայ:
Թուրքերը սաստիկ նեղութիւն կը պատճառեն Հելուայի ասորիներուն: Անոնք ամէն օր տուները կը մտնեն ու կը կողոպտեն ժողովուրդը: Հելուայի ասորիները կ’որոշեն լքել գիւղը եւ աւելի ապահով տեղ մը ապաստանիլ: Եշու իր հօրեղբօր եւ գիւղի այրերուն հետ կը հեռանայ: Անոր մայրը գիւղը կը մնայ հունձքի ժամանակը մօտ ըլլալուն պատճառով: Ասորիները Սուրբ Մալքի վանքը կը մտնեն պատսպարուելու համար: Թուրքերն ու քիւրտերը անոնց վրայ կրակ կը բանան: Ասորի երիտասարդները կը դիմադարձեն կրակին: Բախումներու ընթացքին Եշուի հօրեղբայրը կը զոհուի: Կարճ ատեն ետք ասորիները կը լքեն վանքն ու աւելի ապահով տեղ մը կը փնտռեն, 1916-ի սկիզբը: Անոնք հիւանդ ու որբացած Եշուն ճամբան կը թողուն: Անծանօթ մարդիկ Եշուն կը վերցնեն ու հոգ կը տանին անոր մէկ տարի, մինչեւ որ ան իր մայրը կը գտնէ եւ կը միանայ անոր: Մծբինի կառավարիչ` տխրահռչակ Քատտուր պէյի հրամանով թուրքերն ու քիւրտերը յաճախ ասորի գաղթականներուն վրայ կը յարձակին եւ կը նեղեն զանոնք: Անոնք Եշուի եղբայրը ողջ-ողջ կրակի մէջ կը նետեն: Եշու իր մօրը եւ ուրիշ ասորի գաղթականներու հետ կը մեկնի Մծբին, ուր բազմահազար հայ գաղթականներ գերիներու նման ճանապարհաշինութեան վրայ կ’աշխատէին` օրական պատառ մը չոր հացի փոխարէն: Հայ աշխատաւորները գիշերները բանտարկեալներ էին վրաններու մէջ, զորս թուրքերու եւ գերմանացիներու հսկողութեան տակ առնուած էին: Եշուի մայրը ճիշդ հայերու պէս եւ կողք-կողքի անոնց հետ կ’աշխատէր ճանապարհաշինութեան մէջ, միակ տարբերութեամբ, որ ան զերծ էր իր մարմնին վրայ մտրակի հարուածներ ստանալէ ու թուրք ոստիկան զինուորներէ հայհոյանքներ լսելէ, որ միայն հայերուն վիճակուած էր:
Եշու Սամուէլ ի տես հայ մանուկներու տառապանքին` հետեւեալը կ’ըսէ. «Նիհար ու տխեղծ հայ մանուկներ գերմանացի զինուորներու հսկայ վրանին առջեւ դրուած աղբամանները կը խառնէին իրենց թաթիկներով: Անոնց ոսկրացած մատները խլուրդներու նման աղբամանի մետաղեայ պատերուն կը քսուէին եւ արագ շարժումներով իրենց բերանները կ’երթային ուտելիքի փշրանքներով լեցուն: Քիչ մը անդին, երկարահասակ գերմանացի սպայ մը, առողջ ու փայլուն տեսքով, մէկ կողմէ լեցուն ափով իր ձիուն թարմ չամիչ կը կերակրէր, միւս կողմէ` թշուառ հայ երեխաները կը դիտէր» (էջ 39):
Հակառակ անոր որ Հելուա գիւղը շատ հեռու էր բռնագաղթուած հայոց ճանապարհներէն, բայց եւ այնպէս թուրքերը զայն ամբողջովին կը կործանեն: Անոնք նոյնպէս կ’աւերեն հիւսիսային Սուրիոյ բոլոր ասորի գիւղերը, կ’ըսէ Եշու Սամուէլ: Ըստ Տէյվիտ Կաունթի, պատերազմի վերջաւորութեան, 1919-ին, Ասորի ուղղափառ եկեղեցին Կ. Պոլսոյ մէջ ֆրանսական եւ անգլիական կառավարութիւններուն ներկայացուց յուշագիր մը, որուն մէջ նշուած է ասորիներու ընդհանուր մարդկային կորուստը` 90.313 մեռեալ: Յուշագիրին մէջ կը նշուի նաեւ 156 եկեղեցիներու եւ վանքերու քանդումը, 154 քահանաներու եւ վարդապետներու սպանութիւնը: Միայն Մծբինի (Նուսէյպին) մէջ 7000 ասորի գաղթական եւ 25 քահանայ զոհուած էին: Վերոյիշեալ թիւերը միայն ասորիներու կը վերաբերի: Ասորի-քաղդէական պատուիրակութիւնը 1919-ին ֆրանսացիներուն եւ անգլիացիներուն ներկայացուցած է ասորիներու եւ քաղդէացիներու միացեալ զոհերու ցուցակ մը` 250.000 հոգի:
Տէյվիտ Կաունթը Տիգրանակերտի նահանգի Մարտին քաղաքի քրիստոնեաներուն կոտորածը մանրամասնօրէն կը նկարագրէ: Մարտին օսմանեան պետութեան մէջ կարեւոր քաղաք մըն էր, ուրկէ առեւտուրի բազմաթիւ կարաւաններ կ’անցնէին` Արեւելք-Արեւմուտք իրար կապելով: Թէեւ քաղաքը երկրին մէջ կատարուող խժդուժութիւններէն եւ ջարդերէն հեռու էր, սակայն եւ այնպէս թուրքերն ու քիւրտերը անոր քրիստոնեայ բնակիչները հալածեցին, անարգեցին, բռնի ուժով տարագրեցին, բանտարկեցին, չարչարեցին եւ փողոցներու մէջ քաշքեցին ու սպաննեցին: Մարտինի բնակիչները ականատես կը դառնային բռնագաղթուած հայոց մահուան կարաւաններուն, որոնք քաղաքին մօտէն կ’անցնէին դէպի Տէր Զօր ճանապարհին վրայ: Ասոր մասին Կաունթը կ’ըսէ. «Մարտինցիներէն շատերը սոսկումով կը տեսնէին հայոց կարաւաններուն դժոխային տեսարանները: Ոմանք թերեւս վայելքի զգացումով կը դիտէին այդ տեսարանները, ինչպէս ժամանակին հռովմայեցիները` տեղական սուսերամարտերը: Ուրիշներ անոնց մէջ կը տեսնէին Աստուծոյ բարկութիւնը որ իր ժողովուրդը կը պատժէր հաւաքական մեղքի մը համար: Տակաւին, ուրիշներ կը տեսնէին մորթուող քաղաքացիներ, որոնք անիրաւօրէն ու անարդարօրէն ամբաստանուած էին յեղափոխութիւն մը դաւադրելու համար» (էջ 40): Տեղի ունեցող կոտորածները ասորիները կը կոչեն «Սէյֆօ», որ «Սուր» կը նշանակէ եւ, հետեւաբար, աշխատութիւնը վերնագրուած է «1915, Սուրի տարին»: Մարտինի վերապրող բնակիչները լաւ գիտէին, որ 1915-ի յունիսին այդ ջարդերը հրահրողներն էին կառավարիչ Պետրի պէյն ու ոստիկանապետ Մեմտուհ եւ ուրիշ պաշտօնեաներ:
Սուլթանէն սկսեալ` օսմանեան պետութեան քաղաքական եւ զինուորական պատասխանատուներուն մեծամասնութիւնը կ’ուզէր տեսնել պետութիւնը միայն թուրքին համար: Տակաւին թուրքերը իրենց կայսրութիւնը ընդլայնելու սին երազներ կը փայփայէին: Համաթրքութեան ծրագիրը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է եւ որոշ ժամանակի մը յատուկ չէ: Շրջանը թրքացնելու գաղափարը կը մարի անոնց մէջ, ամէն անգամ որ տկար դիրքի վրայ գտնուին: Ամէն անգամ, երբ թուրքը զօրաւոր զգայ ինքզինք, համաթուրքութիւն կոչուած հրէշը իր գլուխը կրկին կը ցցէ: Այս էր հիմնական պատճառը, որ Մեծ եղեռնի տարիներուն ինչո՞ւ Թուրքիոյ ոչ հայ քրիստոնեաները եւս կոտորուեցան հայոց նման: Թուրքերն ու քիւրտերը խնայեցին անչափահասները` մանչերը թէ աղջիկները, ոչ թէ գութի եւ կարեկցանքի մղումով, այլ` շահագործելու եւ օգտուելու անոնց ծառայութիւններէն եւ ապա թրքացնելու համար զանոնք: Հայ եւ քրիստոնեայ հարսեր ու աղջիկներ բռնի ուժով ստիպուեցան անոնց տուներուն եւ արտերուն մէջ ծառայել, եւ որովհետեւ անոնք անօգնական ու անտէր մնացած էին, թրքացուեցան: Այս մէկը լաւագոյնս կը ծառայէր թուրքերու համաթրքութեան ծրագիրին:
Անոնք, սակայն, իրենց մտքին ծայրէն անգամ չէին անցուցած, որ պիտի գայ օրը, երբ թրքացուած հայերը պիտի գիտակցին իրենց ցեղային արմատներուն եւ պիտի ուզեն իրենց կապանքներէն ձերբազատիլ: Այսօր շատ կը խօսուի իսլամացած կամ աւելի ճիշդը` թրքացուած հայերու մասին, որոնց թիւը միլիոնի սահմանին կը հասնի: Այս հարցը պէտք է մեծ ուշադրութեամբ քննարկուի, որովհետեւ շատ դիւրին կրնայ շահագործուիլ թուրքին կողմէ` հակառակ այն իրողութեան, որ հարցը աւելի մեծ խնդիր կը յառաջացնէ թուրքին համար: Աչալուրջ եւ խոհեմ ըլլանք, որպէսզի կարենանք վերադարձնել այն, որ մեզի` հայերուս կը պատկանի: