ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մարզանք կատարեցէք խումբով, ձեր բարեկամներով: Այս ձեւը շատ դիւրին պիտի ըլլայ, եւ պիտի չզգաք, թէ ժամանակը ի՛նչ շուտ անցաւ: Օրը փայլուն է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ընտանեկան յարկին տակ միասնութիւնը կատարեալ պիտի ըլլայ: Իւրաքանչիւր անդամ պիտի տայ իր տեսակէտը, իր գաղափարը` տուեալ հարցի մը շուրջ: Համախոհական մթնոլորտ պիտի տիրէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի արտայայտէք ձեր զգացումները եւ ձեր տեսակէտը տուեալ հարցի մը շուրջ` արժանանալով բոլորին հաւանութեան: Գոհունակութիւն պիտի զգաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր գործակիցները պիտի շնորհաւորեն ձեզ` ձեր կատարած մէկ լաւ իրագործումին համար: Շարունակեցէք ձեր ընթացքը, որ ճիշդ ուղղութիւն ունի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր խօսակիցները մտիկ պիտի ընեն ձեր փոխանցած կարծիքներուն եւ շատ գոհ պիտի մնան: Ձեր կարողութիւնները արտայայտելու բնաւ մի՛ վարանիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այսօր շատ աւելի յստակ պիտի տեսնէք եւ ճիշդ որոշում մը պիտի տաք ձեր նպատակին վերաբերեալ: Օրուան ընթացքին գոհունակութիւն պիտի զգաք ձեր ունեցած յաջող բանակցութիւններուն համար:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
«Միութիւնը զօրութիւն է», կ՛ըսէ իմաստուն խօսքը: Այսօր պիտի արժանանաք ձեր բարեկամներուն օժանդակութեան: Օրը ունի ապահով շահեր:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Օրը շատ յարմար է լաւ աշխատանք կատարելու համար, մեծ կամ փոքր գործեր պիտի կարենաք իրագործել ձեր ծրագիրը եւ յաջողիլ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Արտասահմանի կամ օտար երկրի մը մէջ պիտի կարենաք գտնել աւելի լաւ կենսաձեւ մը: Ընտրութիւնը կրնայ դժուար ըլլալ, սակայն լաւագոյնը ապագայի հեռանկարով առաջնորդուիլն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Սքանչելի գաղափար մը պիտի յղանաք, որ առիթ պիտի տայ ձեզի ամբողջացնելու ամսուան ձեր ծախսերը: Օրը լեցուն է հաճելի պատահարներով:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դուք շատ լաւ գիտէք ձեր կատարած գործը, վարպետութեամբ: Բայց ձեր աշխատանքին կերպը սորվեցուցէք նաեւ ձեր շուրջիններուն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օրը եկած է, եւ ճիշդ ժամանակն է գործի անցնելու եւ բիւրեղացնելու ձեր ծրագիրները: Այսօրուան առիթը անպայման օգտագործեցէք: